Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց Մայր տաճար Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց Մայր տաճար 

Մոսկուա ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն յորդորած է մասնակցիլ Արցախի մէջ Մշակութային Արժէքներու պահպանման

Նշենք, որ ազրպէյճանցիները արդէն իսկ պղծած են Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց Մայր տաճարը:
Ունկնդրէ լուրը

Ղարաբաղի մէջ մշակութային արժէքները պահպանելու համար կրնան ներգրաւուիլ մասնագէտներ` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կեդրոնին առաջարկով: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ առաքելութիւններով դեսպան Էլիոնորա Միթրոֆանովա:

«Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային ժառանգութեան վայրերու պահպանման հոլովոյթը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ներգրաւումով, այդքան ալ դիւրին պիտի չըլլայ», ըսած է Միթրոֆանովա:

Անոր համաձայն, «այս տարածքին մէջ Համաշխարհային ժառանգութեան կեդրոններ չկան: Նոյն ատեն, յատուկ խնդրանքով, կրնան ներգրաւուիլ Համաշխարհային ժառանգութեան կեդրոնի (ԵՈՒՆԵՍՔՕ) առաջարկած փորձագէտները», ընդգծած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան դեսպանը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նախապէս յայտարարած էր, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները ՄԱԿ-ի կազմակերպութիւններու` նախ եւ առաջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հետ կրնան հսկայական դեր ունենալ Ղարաբաղի մէջ խաղաղ կեանք հաստատելու, ցեղային-դաւանանքային խումբերու համակեցութեան, մշակութային, կրօնական վայրերու վերակենդանացման եւ անոնց անվտանգ եւ յարգալից գործունէութիւնը ապահովելու գործին մէջ:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ Մոսկուայի պատրիարքարանի հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքի ղեկավարի տեղակալ Վախթանգ Քիփշածէ թելեկրամեան իր ալիքին վրայ գրառում մը կատարելով յայտնած է. «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առճակատման դադրեցման անփոխարինելի պայմանը այնտեղ գոյութիւն ունեցող քրիստոնէական սրբավայրերու անձեռնմխելիութիւնն է: Ռուսիոյ նախագահի այս առնչութեամբ խօսքը կարեւորագոյն ազդանշան է գերտէրութենէն, որ առանցքային պատասխանատուութիւն կը կրէ այդ շրջանին մէջ խաղաղ լուծման համար», նշուած է գրառման մէջ:

Նշենք, որ ազրպէյճանցիները արդէն իսկ պղծած են Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց Մայր տաճարը:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Հայաստանի վարչապետին եւ Ազրպէյճանի նախագահին հետ:

«Ալիեւի եւ Փաշինեանի հետ հաղորդակցութեան ընթացքին Փութին, մասնաւորաբար, ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հարցին վրայ, որ այն շրջաններուն մէջ, որոնք եռակողմ յայտարարութեամբ կը վերադարձուին Ազրպէյճանին, քրիստոնէական տաճարներ եւ վանքեր տեղակայուած են: Այդ առնչութեամբ ան ընդգծած է այդ սրբավայրերու պահպանութիւնը եւ բնականոն եկեղեցական կենսագործունէութեան ապահովման կարեւորութիւնը: Ազրպէյճանի նախագահը ըմբռնում դրսեւորած է այդ հարցին շուրջ եւ ըսած, որ ազրպէյճանական կողմը այդ մօտեցումով պէտք է շարժի», կը նշուի Քրեմլինի հաղորդագրութեան մէջ:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2020, 10:04