Հեռուստամարաթոն 2020 Հեռուստամարաթոն 2020 

Հեռուստամարաթոն 2020-ի իբրեւ արդիւնք հանգանակուած է 22.990.898 ԱՄՆ տոլար

Նոյեմբեր 22–ին սկսած ֆրանսական հեռախօսամարաթոնին ծիրէն ներս հանգանակուած էր շուրջ 3.132.000 ԱՄՆ տոլար:

Գոհաբանութեան օրը, Նոյեմբեր 26-ին, Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած է 23–րդ ամենամեայ Հեռուստամարաթոնը, որուն կարգախօսն էր «Համախմբուածութիւն, ուժ, հաւատք»: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, որ հաշուի առնելով հայրենիքի մէջ ստեղծուած դժուարին իրադրութիւնը եւ յարգելով հայրենիքի համար ինկած զինուորներուն յիշատակը՝ հեռուստամարաթոնը այս տարի տեւած է 4 ժամ՝ աւանդական 12 ժամուան փոխարէն, սակայն ԱՄՆ հայ համայնքի համախմբուածութեան շնորհիւ հանգանակուած է 22.990.898 ԱՄՆ տոլար:

«Արցախի եւ Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին պատճառով՝ Հեռուստամարաթոն 2020-ի հանգանակութիւնները պիտի ուղղուին Արցախէն տեղահանուած եւ հայրենիքի համար զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն աջակցութեան: Նպատակն է նիւթապէս աջակցիլ այս ընտանիքներուն, շուրջ 100,000 մարդու, ապահովել բնակարաններով եւ 1 տարուայ համար անհրաժեշտ տարրական պարագաներով, ինչպէս նաեւ կազմակերպել տեղահանուած երեխաներու պատշաճ կրթութիւնը»,– նշած է ԱՄՆ–ի «Հայաստան» հիմնադրամի ատենապետ Մարիա Մեհրանեան:

Նշենք, որ Նոյեմբեր 22–ին սկսած ֆրանսական հեռախօսամարաթոնին ծիրէն ներս հանգանակուած էր շուրջ 3.132.000 ԱՄՆ տոլար:

Քաղուած «Եռագոյն»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2020, 08:51