Գառզու Գառզու  

Հայկական պատառիկներ 9: Հայազգի մեծանուն նկարիչ՝ Գառզու (Ա. Մաս)

Գառզուն պատկանում է այն նկարիչների սերնդին, որոնք ձեւաւորուել են պատերազմի ծանր տարիներին եւ զարգացում ապրել ետպատերազմեան դժուար ու բարդ շրջանում։
Ունկնդրէ լուրը

1979 թ․-ին կեանքի 72-րդ ամեակին Գառզուն ընտրուեցաւ Ֆրանսայի գեղարուեստի ակադեմիայի ցմահ անդամ։ Օծման արարողութեան իր ելոյթին մէջ, ան անդրադարձաւ իր ազգային պատկանելիութեան եւ արմատներուն, շեշտադրելով անոնց հանդէպ անվերապահ հաւատարմութեան անհրաժեշտութիւնը արուեստագէտի կեանքի ու ստեղծագործութեան համար։

Հալէպ ծնած Գառնիկ Զուլումեանը՝ Գառզուն, կանուխ տարիքէն 1918-ին կորսնցուցած է իր հայրը, որմէ ետք ընտանիքով տեղափոխուած է Եգիպտոս։ Ուսումը շարունակելու նպատակաւ 1924-ին մեկնած է Փարիզ, ուր 1929-ին աւարտած է Փարիզի ճարտարապետական պետական վարժարանը։ Միեւնոյն ժամանակ յաճախելով Մոնպառնասի Գրան Շոմիեր գեղարուեստի ակադեմիան։

Նկարիչ-արուեստագէտի հոգին յուզող եւ իր երեւակայութիւնը քրքրող առաջին թրթիռները կուգան անոր տխուր մանկութենէն. «Հայու սարսափելի եւ տխուր ճակատագիրը իմս եղած է նաեւ առաջին իսկ օրերուն, երբ կը կորսնցնէի հայրս, երբ կը տեսնէի հայ անտունիներուն, որոնք կը քշուէին Տէր-Զօր»։ Թէեւ հայկական ջարդերու բնաբանով բացայայտ գործեր գոյութիւն չունին Գառզուի ստեղծագործութիւններուն մէջ (բացի Մանոսք քաղաքի մատրան մէկ որմնանկարէն), սակայն անոր գործերուն մէջ ակնբախօրէն նկատելի է՝ վախցած, արհաւիրք ու թշուառութիւն տեսած մարդու հոգեբանութիւնը։ Մէջբերենք Սանկ Փեթերպուրկցի արուեստաբան Վ․ Ռազդոլսկայայէն․ «Գառզուն պատկանում է այն նկարիչների սերնդին, որոնք ձեւաւորուել են պատերազմի ծանր տարիներին եւ զարգացում ապրել ետպատերազմեան դժուար ու բարդ շրջանում։ Անկարելի է նրա արուեստը հասկանալ առանց այդ ժամանակահատուածի, չնայած նա կոնկրետ իրադարձութիւններ չի պատկերում եւ եթէ անդրադառնում է նման թեմաների, ապա միայն մետաֆորիկ, այլաբանական ձեւով»։

Գառզուի նկարներուն մէջ կան անապատային տեսարաններ, հարթ տափաստաններ, ուր պատկերուած են աւերակներ։ Յայտնի չէ թէ արդեօ՞ք ծննդավայր Հալէպի շրջակայքը գտնուող մեռեալ ու մոռցուած քաղաքներու տխուր յիշատակներու վերարտադրութիւններն են, թէ համաշխարհային զոյգ պատերազմներու աւերուածութիւններու մտային պատկերներու տպաւորութիւնները, որոնք պատկերուած են «լքուած քաղաքներ» ժողովածուի մէջ, սակայն մէկ բան յստակ է, որ արտաքնապէս խաղաղ ու հանգիստ թուացող այդ գործերը, ուր մարդուն հետ խօսող նկարիչը, որ յաճախ դիտումնաւոր կերպով մարդը հեռացուցած է պատկերէն, իրենց էութեամբ մարդկային հոգիները փոթորկող ու մարդկային անարդարութիւններուն դէմ ցասում յառաջացնող հզօր բռնկումներ են։

Գառզուի կտաւներու մէջ իրական կեանքի պատկերները այլափոխուելով վերածուած են հեքիաթային տեսարաններու, ուր կեանքն ու բնութիւնը կարծէք տարբեր երանգ ու իմաստ ստանալով, մարդը կ՚առաջնորդեն դէպի նոր՝ եթերային ու քնարական աշխարհ։

Գառզուի գործերուն յատուկ են կտաւներու ֆոնի կամ տարածութեան զգալի մասի միագոյնութիւնն ու գիծերով արտայայտուելու ոճը։ Այստեղ կտաւի ֆոնի մեծ մասը, իսկ երբեմն ալ կտաւի տարածութիւնը ամբողջութեամբ ներկայացուած է մէկ միասնական գոյնով, ու այդ միագոյնութեամբ հանդերձ հեղինակը կրցած է հասնիլ արտասովոր արդիւնքներու եւ տպաւորութեան։ Եթէ փորձենք մեկնաբանել, ապա կը հասկնանք, որ այստեղ Գառզուն կրցած է առաւելագոյնս օգտագործել գոյնը իր այդ ձեւին մէջ։ Ինքնաարտայայտման համար Գառզուն օգտագործած է նաեւ գիծը։ Գիծը, ըստ երեւոյթի թեման կամ նիւթը ընդգրկող գլխաւոր պարունակն է, որ պէտք է տագնապ կամ լարուածութիւն յառաջացնէ, գիծը Գառզուի գործերուն մէջ, ան դարձեալ կը շարունակէ խաղաղ գոյակցիլ ֆոնի գոյնին հետ, ստեղծելով գիծի ու գոյնի անզուգական դաշնութիւն մը։ Սեւ գիծերով միատարր կարմիր, կապոյտ, կանաչ, դեղին եւ այլ գոյներ։ Վրայ նկարուած բնապատկերները կարծես իւրովի կենդանութիւն կը ստանան։ Միատարր այդ գոյները կարծէք կամաւորական սկզբունքով կը ստանձնեն բնութեան տարբեր տարրերն ու երեւոյթները արտայայտելու պարտականութիւնը։ Այսպիսով գոյնի հնչողական ուժին ու արժէքին տալով նոր որակ ու ընկալում։ Այս նկարներու առանձնայատկութիւններէն մէկն ալ այն է, որ երբ այդ նոյն գծագրութիւնը կարմիր ֆոնէն տեղափոխենք կապոյտի կամ մէկ այլ գոյնի վրայ, ապա դարձեալ ուշագրաւ ու նախորդին ոչինչով չզիջող կտաւ մը կը ստանանք։

Ուշագրաւ են վիմանկարային (Lithography) ժանրի գործերը յատկապէս «Վենետիկեան» շարքը, ուր հեղինակը օգտագործած է գոյնի ազդեցութեան ուժը։ Այս գործերը ոչ զարդանկարներ (decorative) են, եւ ոչ ալ վերացական (abstractive) նկարներ, այլ դասական գործեր են, քանզի անոնք ունին որոշակի թեմա եւ ուղղուածութիւն եւ այստեղ գոյնը խաղ ըլլալէ անդի ունի մարդու հոգիին վրայ ներգործելու հզօր կարողութիւն։

Խմբագրեց՝ Սօսէ Փիլաւճեան

Հաղորդավար՝ Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/11/2020, 07:43