Արցախ Արցախ 

System of a Down-ը 15 տարուայ դադարէ ետք երկու երգեր նուիրեց Արցախին

«Protect The Land» եւ «Genocidal Humanoidz» երգերուն հասոյթը պիտի նուիրուի Արցախի համար կատարուող Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի դրամահաւաքին:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Հռչակաւոր System of a Down խումբը 15 տարուան իր լռութիւնը խզեց՝ երկու նոր երգեր արտադրելով եւ զանոնք նուիրելով Արցախի մէջ ընթացող պատերազմին:

«Protect The Land» եւ «Genocidal Humanoidz» երգերուն հասոյթը պիտի նուիրուի Արցախի համար կատարուող Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի դրամահաւաքին:

«Այս երկու երգերը կը պատմեն սարսափելի եւ լուրջ պատերազմի մը մասին, որ սանձազերծուած մեր հայրենիքին`Արցախի եւ Հայաստանի դէմ: Ալիեւի եւ Էրտողանի զեղծարար վարչակազմերը ոչ միայն Արցախը եւ Հայաստանը կը ջանան հռչակել իրենցը, այլ նաեւ անպատիժ կ՛իրականացնեն ցեղասպան գործողութիւններ` իրենց նպատակին հասնելու համար», գրած է խումբին երգիչը՝ Սերժ Թանգեան:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/11/2020, 07:49