Փութին Եւ Էրտողան Փութին Եւ Էրտողան 

Փութին եւ Էրտողան մանրամասնօրէն քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ տիրող կացութիւնը

Հաստատուած է տագնապի խաղաղ լուծման հասնելու նպատակով փոխադարձ համագործակցութեան պատրաստակամութիւնը», կը նշուի Քրեմլինի հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակը: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը:

«Մանրամասնօրէն քննարկուած է ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ տիրող կացութիւնը: Ռուսիոյ նախագահը իր թուրք պաշտօնակիցին տեղեկացուցած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն հետ շարք մը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու մասին: Այդ հաղորդակցութիւնները ուղղուած են մարտական գործողութիւնները շուտափոյթ դադրեցնելու տարբերակներ գտնելուն եւ քաղաքական-դիւանագիտական լուծումին հասնելուն: Հաստատուած է տագնապի խաղաղ լուծման հասնելու նպատակով փոխադարձ համագործակցութեան պատրաստակամութիւնը», կը նշուի Քրեմլինի հաղորդագրութեան մէջ:

Իր կարգին, ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն իր աղբիւրը, հաղորդեց, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրով եւ Մեւլութ Չաւուշօղլու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են:

«Մեր նախարարը բանակցութիւններ վարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ, քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի նիւթը», նշած է ԹԱՍՍ-ի զրուցակիցը:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2020, 09:31