Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւն Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւն 

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքը Փութինէն խնդրած է վերադարձնել Շուշին, Հատրութն ու Հայկական սրբավայրերը

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքը նոյն ատեն յիշեցուցած է, որ Երուսաղէմի մէջ Լոյսի տօներու ժամանակ արդէն 15 տարի շարունակ ռուսերը տեղ կը ստանան հայկական մասնաբաժինին մէջ` այդպիսով ապահովելով սուրբ կրակի` ժամանակին Ռուսիա տեղափոխումը:
Ունկնդրէ լուրը

Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեան 20 նոյեմբերին պաշտօնական նամակ մը յղած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին` յայտնելով իր երախտագիտութիւնը զինադադարի կնքման եւ պատերազմը դադրեցնելու համար: Այս մասին կը յայտնէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Պատրիարքը իր նամակին մէջ Փութինէն խնդրած է Արցախին վերադարձնել Շուշի եւ Հատրութ քաղաքները, ինչպէս նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դարաւոր վանքերը, եկեղեցիները, մատուռները, խաչքարերը, այլ սրբավայրերը, որոնց պահպանութեան հարցը այսօր դարձած է էական խնդիր, որովհետեւ անոնց դէմ արդէն սկսած է վանտալիզմը:

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքը նոյն ատեն յիշեցուցած է, որ Երուսաղէմի մէջ Լոյսի տօներու ժամանակ արդէն 15 տարի շարունակ ռուսերը տեղ կը ստանան հայկական մասնաբաժինին մէջ` այդպիսով ապահովելով սուրբ կրակի` ժամանակին Ռուսիա տեղափոխումը:

Հայֆայի հայ համայնքի եւ հիւսիսային քաղաքներու հոգեւոր հովիւ Տիրայր քհնյ. Յովակիմեան «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին` անդրադառնալով Ռուսիոյ նախագահի հաւանական արձագանգին, ըսած է. «Կարծիքը հաշուի պիտի առնեն, որովհետեւ Երուսաղէմը այն բացառիկ կեդրոններէն մէկն է, որ իր ազդեցութիւնը ունեցած է եւ կ՛ունենայ հասարակաց աշխարհաքաղաքական հոլովոյթներու վրայ, սակայն պէտք է հաշուի առնեն նաեւ եռակողմ համաձայնագիրը, որ ստորագրուած է 9 նոյեմբերին»:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2020, 08:11