Նախագահ Վլատիմիր Փութին Նախագահ Վլատիմիր Փութին 

Փութին Ղարաբաղի լուծման հարցը առանձին հեռաձայնային զրոյցներով քննարկեց Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ

Հանգամանալից կերպով քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցը», կ՛ըսուի Ռուսիոյ նախագահին պաշտօնական կայքին վրայ։
Ունկնդրէ լուրը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած առանձին հեռաձայնային զրոյցներու ընթացքին քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը: Լուրը տեղադրուած է Ռուսիոյ նախագահին պաշտօնական կայքին վրայ:

«Նախագահ Փութին 1 եւ 2 Նոյեմբերին հեռաձայնային զրոյցներ ունեցաւ համապատասխանաբար Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Հանգամանալից կերպով քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի  տագնապի լուծման հարցը», կ՛ըսուի Ռուսիոյ նախագահին պաշտօնական կայքին վրայ։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/11/2020, 08:08