Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան 

«Պատերազմի դադարեցման մասին յայտարարութիւնը չի կարող համարուել ԼՂ հիմնախնդրի համապարփակ հանգուցալուծում». Զօհրապ Մնացականեան

Նախարար Մնացականեան կարեւոր նկատեց թուրք-ատրպէյճանական յարձակման իբրեւ արդիւնք Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի հասցէագրման ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան կողմէ տեղւոյն վրայ շուտափոյթ քայլերու ձեռնարկումը:
Ունկնդրէ լուրը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան 12 Նոյեմբերին հեռաձայնային զրոյցներ ունեցաւ Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Ժան Իվ Լը Տրիանի, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախարար Սթիվըն Պիքանի հետ:

Միտքեր փոխանակուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն 10 Նոյեմբերի միացեալ յայտարարութեան յաջորդած իրադրութեան շուրջ: Այս առնչութեամբ նախարար Մնացականեան ընդգծեց, որ վերոնշեալ յայտարարութիւնը կը վերաբերի հրադադարի հաստատման ու Արցախի մէջ խաղաղապահներու տեղակայման՝ շեշտելով, որ անիկա չի կրնար նկատուիլ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի համապարփակ հանգուցալուծում:

Մնացականեան եւ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու բարձր ներկայացուցիչները անդրադարձան նաեւ Արցախի վրայ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմի ծրագրման, հրահրման եւ իրականացման մէջ Թուրքիոյ առանցքային դերակատարութեան, որ արտայայտուած է թէ՛ ռազմական գործողութիւններուն մէջ անմիջական ներգրաւուածութեամբ եւ թէ հակամարտութեան գօտիին մէջ օտար զինեալ ահաբեկիչներու ներգրաւման ձեւով: Ան յստակօրէն ընդգծեց Արցախի մէջ իրականացուելիք խաղաղապահ գործողութիւններուն մէջ Թուրքիոյ որեւէ դերակատարութեան բացառումը՝ հակառակ այդ ուղղութեամբ վերջինիս կողմէ ձեռնարկուող քայլերուն:

Նախարար Մնացականեան կարեւոր նկատեց թուրք-ատրպէյճանական յարձակման իբրեւ արդիւնք Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի հասցէագրման ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան կողմէ տեղւոյն վրայ շուտափոյթ քայլերու ձեռնարկումը:

Ան խոր մտահոգութիւն յայտնեց Արցախի՝ ատրպէյճանական բռնագրաւման տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան ճակատագիրին վերաբերեալ:

Նախարար Մնացականեան ընդգծեց, որ միջազգային հանրութիւնը քաջատեղեակ է հայկական ժառանգութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէ ցուցաբերուած բարբարոսական վերաբերմունքին մասին, որուն պատճառաւ թէ՛ Նախիջեւանի, թէ՛ բուն Ատրպէյճանի տարածքին մէջ եւ թէ Արցախի՝ առաջին արցախեան պատերազմին ընթացքին ատրպէյճանական բռնագրաւման տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ հիմնովին ոչնչացուած են հայկական ժառանգութեան կոթողները:

Զրուցակիցները լուսարձակի տակ առին ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահութեան գործունէութեան շարունակականութեան ապահովման կարեւորութիւնը՝ իբրեւ միջնորդութեան միջազգային կարգավիճակ ունեցող միակ ձեւաչափ: Այս առնչութեամբ նախարար Մնացականեան ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ գործընթացին վերաբերող բոլոր հարցերը ենթակայ են քննարկման բացառապէս ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահութեան շրջանակներուն մէջ, եւ ինքնին այս ձեւաչափին մէջ է, որ լիարժէքօրէն պիտի հասցէագրուին արցախահայութեան շահերը: Իբրեւ առաջնահերթութիւն՝ արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց Արցախի կարգավիճակին եւ արցախահայութեան համապարփակ անվտանգութեան ամբողջական երաշխաւորման անհրաժեշտութիւնը:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2020, 07:46