Արայիկ Յարութիւնեան Արայիկ Յարութիւնեան 

Արցախի նախագահը Հայաստանի քաղաքական ուժերուն քննարկումներու Համար Ստեփանակերտ այցելելու կոչ յղած է

Արայիկ Յարութիւնեան այս մասին գրած է դիմատետրի իր էջին վրայ:

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան դիմած է Հայաստանի խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերուն այցելելու Ստեփանակերտ` տեղւոյն վրայ քննարկումներ ծաւալելու համար: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, Արայիկ Յարութիւնեան այս մասին գրած է Դիմատետրի իր էջին վրայ:

Ունկնդրէ լուրը

«Ստեղծուած բարդ քաղաքական իրավիճակը մեր իրականութեան մէջ ինքնաբերաբար նոր օրակարգ է ձեւաւորել: Այն հայկական քաղաքական դաշտի հիմնական դերակատարների հետ քննարկելու եւ եղած ամբողջ տեղեկատուութիւնը ներկայացնելու նպատակով դիմում եմ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերին` Ստեփանակերտ այցելելու եւ տեղում քննարկումներ ծաւալելու համար: Վաղը` նոյեմբերի 11-ին, պատրաստ եմ ընդունելու Հայաստանի Ազգային ժողովում ներգրաւուած քաղաքական ուժերի ղեկավար կազմերին:  Այնուհետեւ հանդիպումների շարքը, ըստ նախատեսուածի, պատրաստ եմ շարունակելու նաեւ արտախորհրդարանական ուժերի հետ», գրած է Յարութիւնեան:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/11/2020, 08:45