Վարչապետ Փաշինեան եւ ԱՄՆ-ի նորընտիր նախագահ  Ճօ Պայտըն Վարչապետ Փաշինեան եւ ԱՄՆ-ի նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն 

ՀՀ Վարչապետը շնորհաւորական ուղերձ յղած է ԱՄՆ նորընտիր նախագահին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ճօ Պայտընին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին ընտրուելու կապակցութեամբ:

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ճօ Պայտընին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին ընտրուելու կապակցութեամբ:

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է.

«Մեծարգոյ պարոն Պայտըն,

Ընդունեցէք, խնդրեմ, մեր սրտանց շնորհաւորանքները Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին ընտրուելու կապակցութեամբ։

Համոզուած եմ, որ երկարամեայ քաղաքական ու օրէնսդիր գործունէութեան ընթացքին ձեռք բերած հարուստ փորձառութիւնը եւ գիտելիքները կ՝ուղեկցին Ձեզի` բարօրութեան եւ առաջընթացի ճանապարհով Միացեալ Նահանգները ու անոր ժողովուրդը առաջնորդելու Ձեր գործունէութեան մէջ:

Ձեր գործունէութեան ընթացքին դուք մեծ ներդրում կատարած է հայ-ամերիկեան բարեկամութեան եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան ամրապնդման գործին մէջ: Հայ ժողովուրդը բարձր կը գնահատէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ իր իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցով Ձեր կողմէն ցուցաբերած սկզբունքային դիրքորոշումը:

կը հատացամ, որ Ձեր նախագահութեան ընթացքին հայ-ամերիկեան երկկողմ յարաբերութիւնները, որոնք խարսխուած են ընդանուր ժողովրդավարական արժէքներու վրայ, պիտի շարունակեն վերելք ապրիլ՝ մեր պետութիւններուն միջեւ առկայ ռազմավարական երկխօսութեան մակարդակին համահունչ:

Անշուշտ այդ գործընթացին մէջ իր անգնահատելի ներդրումը ունի նաեւ ամերիկահայութիւնը, որ կապող կամուրջ կը հանդիսանայ մեր երկիրներուն միջեւ։

Հայաստանը կարեւոր կը համարէ ԱՄՆ-ի դերակատարումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործին մէջ` իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ: Ինչպէս տեղեակ էք, աւելի քան մէկ ամիս է, որ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան, արհամարհելով համանախագահողներու հրադադար հաստատելու բոլոր ջանքերը, կը շարունակեն համատեղ յարձակումը Հայաստանի եւ Արցախի հանդէպ` ներգրաւելով օտարերկրեայ ահաբեկիչներ:

Այդ կապակցութեամբ կ՝ողջունեմ խնդրի հանգուցալուծումը բացառապէս խաղաղ ճանապարհով լուծելու Ձեր տեսլականը, որը արտայայտած էք իբրեւ նախագահի թեկնածու:

Լիայոյս եմ, որ Ձեր վարչակազմը գործուն քայլեր պիտի ձեռնարկէ պատերազմի դադրեցման եւ խնդրի համապարփակ կարգաւորման ուղղութեամբ, որուն հիմքը պէտք է ըլլայ Արցախի ժողովուրդին անվտանգութեան ապահովումը անոր ինքնորոշման իրաւունքի իրացման միջոցով:

Թոյլ տուէք մէկ անգամ եւս շնորհաւորել Ձեզ՝ ԱՄՆ նախագահի պաշտօնին վրայ ընտրուելու առիթով եւ մաղթել քաջառողջութիւն, յաջողութիւն եւ արգասաբեր գործունէութիւն»:

Քաղուած «Եռագոյն»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2020, 08:18