Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Մաքրոն Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Մաքրոն 

«Ֆրանսա կը պայքարի իսլամական ծայրայեղականութեան եւ ոչ թէ իսլամութեան դէմ» կ՛ըսէ Մաքրոն

Մենք դէմ ենք խաբէութեան, մոլեռանդութեան, բռնի ծայրայեղականութեան, եւ ոչ թէ կրօնին», աւելցուցած է Ֆրանսայի նախագահը

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարած է, որ իր երկիրը կը պայքարի իսլամական ծայրայեղականութեան եւ ոչ թէ իսլամութեան դէմ` հակադարձելով «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի  յօդուածին, որ, ինչպէս Ֆրանսայի նախագահը պնդած է, սխալ մեկնաբանած է իր խօսքերը:

Մէկ օր առաջ հրապարակուած նամակին մէջ Մաքրոն յայտարարած է, որ բրիտանական օրաթերթը զինք մեղադրած է «նախընտրական նպատակներով ֆրանսացի իսլամները անարգելու եւ անոնց նկատմամբ կասկածամտութեան մթնոլորտ ստեղծելու յանցանքով»:

«Ես ոչ մէկուն կ՛արտօնեմ պնդել, որ Ֆրանսան կամ անոր կառավարութիւնը կը խրախուսեն իսլամներու դէմ ցեղապաշտութիւնը», գրած է ան:

2015 թուականէն ի վեր Ֆրանսայի մէջ իսլամական ահաբեկչական յարձակումներու ալիքի մասին խօսելու ընթացքին Մաքրոն յայտնած է, որ Ֆրանսայի մէջ «տակաւին ծայրայեղականութեան համար նպաստաւոր միջավայր կայ»:

«Որոշ շրջաններու մէջ եւ համացանցի մէջ արմատական իսլամութեան հետ առնչուած խումբերը մեր երեխաներուն հանրապետութեան նկատմամբ ատելութիւն կը սորվեցնեն` կոչ ուղղելով անտեսելու իրենց երկրի օրէնքները: Ահա թէ ինչի դէմ կը պայքարի Ֆրանսան` ատելութեան եւ մահուան դէմ, որ կը սպառնայ իր երեխաներուն, սակայն երբեք իսլամութեան դէմ: Մենք դէմ ենք խաբէութեան, մոլեռանդութեան, բռնի ծայրայեղականութեան, եւ ոչ թէ կրօնին», աւելցուցած է Ֆրանսայի նախագահը:

«Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի թղթակիցին կողմէ հրապարակուած յօդուածին մէջ կը նշուէր, որ Մաքրոնի կողմէ «իսլամական անջատողականութեան» դատապարտումը կրնայ «թշնամական միջավայր» ստեղծել ֆրանսացի իսլամներու համար:

Աւելի ուշ յօդուածը վերցուած է օրաթերթի կայքէն` այն պատճառաբանութեամբ, որ «սխալ տեղեկութիւններ» բովանդակած է:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2020, 11:13