Հայաստանի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հայաստանի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը 

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը խաղաղապահներու եւ կարմիր խաչին հետ կ՛աշխատի գերիներու եւ դիակներու փոխանակման մեքանիզմներուն գծով

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց համակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերել Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբին առաքելութեան ընթացքին:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութեան ղեկավարութեան եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչներուն հետ աշխուժ աշխատանքներ կը կատարէ` սեղմ ժամկէտներու մէջ գերութեան մէջ յայտնուած անձերու եւ դիակներու փոխանակման կիրառական մեքանիզմներ ստեղծելու եւ գործընթաց իրականացնելու համար:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց համակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերել Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբին առաքելութեան ընթացքին:

Աշխատանք կը տարուի անյայտ կորսուածներուն մասին առկայ օրէնսդրական դաշտի, ինչպէս նաեւ վիրաւորուած կամ զոհուած զինուորներուն տրամադրուող հատուցումներու գործող կարգի պարզեցման եւ հատուցումներու տրամադրման ժամկէտներու կրճատման վերաբերեալ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններու մշակման ուղղութեամբ:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2020, 07:30