Քարվաճառ Քարվաճառ 

Քարվաճառը ամբողջութեամբ յանձնուեցաւ Ազրպէյճանին

հայկական զօրքերու շարասիւնը դուրս եկած է Քարվաճառէն` վերջին անգամ ըլլալով լուսանկարուելով եւ հրաժեշտ տալով:

9 նոյեմբեր 2020-ին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ ստորագրուած եռակողմանի յայտարարութեան հետեւանքով երէկ` 25 նոյեմբերին, Քարվաճառի շրջանը ամբողջութեամբ յանձնուեցաւ Ազրպէյճանին:

Այսպիսով, հայկական զօրքերու շարասիւնը դուրս եկած է Քարվաճառէն` վերջին անգամ ըլլալով լուսանկարուելով եւ հրաժեշտ տալով:

Միւս կողմէ, Արցախի տեղեկատուական շտապը կը տեղեկացնէ, որ այսուհետեւ Արցախի Հանրապետութիւն մուտք գործելն ու Հանրապետութենէն ելք կատարելը կարելի է միայն Բերձոր-Ստեփանակերտ մայրուղիով:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/11/2020, 08:30