Արցախի պատերազմի զոհուած զինուորներուն յիշատակի օր Արցախի պատերազմի զոհուած զինուորներուն յիշատակի օր 

Պիտի կազմուի պատերազմին անյայտ կորսուածներու հարցերու միջգերատեսչական յանձնաժողով

23 Նոյեմբերի երեկոյեան անյայտ կորսուածներու հարազատները ընդունեց նաեւ վարչապետ Փաշինեան։

 Հայաստանի կառավարութեան մէջ պիտի կազմուի Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի նկատմամբ սանձազերծած պատերազմին անյայտ կորսուածներու հարցերու միջգերատեսչական յանձնաժողով: Պաշտպանութեան նախարարութեան դիմաց անյայտ կորսուածներու հարազատներուն կազմակերպած ցոյցին ընթացքին այս մասին ըսաւ Հայաստանի վարչապետի օգնական Նայիրի Սարգսեան:

«Վարչապետի մօտ ընդլայնուած կազմով յատուկ խորհրդակցութիւն է եղել անյայտ կորած տղաների հետ կապուած հարցով: Վարչապետը որոշում է կայացրել, որ փոխվարչապետի գլխաւորութեամբ միջգերատեսչական յանձնաժողով կը ձեւաւորուի, որը շատ արագ պէտք է զբաղուի այդ տղաների հարցերով ու բոլոր ծնողներին պատասխան տրուի այդ հարցերով», յայտնեց ան։

Մինչ այդ ծնողները օրերէ ի վեր տարբեր նախաձեռնութիւններով կը փորձէին կառավարութեան ուշադրութեան յանձնել իրենց զաւակներուն հարցը՝ դիտել տալով, որ որեւէ ուշացում կրնայ ճակատագրական ըլլալ զինուորներուն կեանքին համար։

23 Նոյեմբերի երեկոյեան անյայտ կորսուածներու հարազատները ընդունեց նաեւ վարչապետ Փաշինեան։

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2020, 08:00