Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէն կ՛աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերուն Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէն կ՛աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերուն 

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէն կ՛աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերուն` համաձայնութեան գալու գերիներու փոխանակման հարցին շուրջ

Իբրեւ չէզոք միջնորդ` Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան դերը ստուգելն է իւրաքանչիւր կողմի մէջ անձերու պահման պայմանները, տեղեկացնել առողջական վիճակի մասին, կարելիութիւն ընձեռել կապ հաստատելու ընտանիքներուն հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն` իբրեւ չէզոք կառոյց, կ՛աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերուն համաձայնութեան գալու գերիներու փոխանակման հարցին շուրջ, սակայն որոշումները կը կայացնեն տագնապի կողմերը:

«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին ըսած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցութեան ծրագիրներու ղեկավար Զարուհի Ամատունին` պատասխանելով այն հարցումին, թէ, ի վերջոյ, ե՞րբ պիտի իրականացուի գերիներու փոխանակումը եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն այդ հարցին մէջ ի՞նչ դեր ունի:

«Ե՛րբ պիտի իրականացուի եւ ինչպէ՛ս` կողմերը պիտի որոշեն: Մենք կողմերուն կ՛օգնենք համաձայնութեան գալու այդ հարցին շուրջ, սակայն առաջարկները, որոշումները, ժամկէտները կ՛որոշեն տագնապի կողմերը: Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն այդ հարցին մէջ որեւէ բան չ՛որոշեր», ըսաւ Ամատունի:

Անոր համաձայն, իբրեւ չէզոք միջնորդ` Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան դերը ստուգելն է իւրաքանչիւր կողմի մէջ անձերու պահման պայմանները, տեղեկացնել առողջական վիճակի մասին, կարելիութիւն ընձեռել կապ հաստատելու ընտանիքներուն հետ:

«Հոկտեմբերէն սկսեալ, համապատասխան իշխանութեան կողմէ հաստատում ստանալով, մեր կազմակերպութիւնը կը շարունակէ այցելել շարք մը անձերու. անոնց մէջ են թէ՛ քաղաքային անձեր, թէ՛ զինուորականներ: Կան մարդիկ, որոնք անազատութեան մէջ են եւ իրաւունք ունին կապ պահելու իրենց հարազատներուն հետ, մենք կ՛աջակցինք, որպէսզի իրենք այդ կապը ունենան, անոնց առողջական վիճակին կը հետեւինք, սակայն այդ անձերը ե՛րբ պէտք է վերադարձուին, այդպիսի որոշումներ կը կայացնեն տագնապի կողմերը եւ իրենք կ՛որոշեն այդ համաձայնութեան առնչուած բոլոր տեսակի հարցերը, մենք կ՛օգնենք այդ համաձայնութեան, միջնորդելով իբրեւ կառոյց, որպէսզի կարենան այդ եզրերը գտնել», ըսաւ Ամատունի:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2020, 08:32