Ծրագիրը ցարդ կը շարունակուի Ծրագիրը ցարդ կը շարունակուի 

Հայկական պատառիկներ 7: Ծրագիրը ցարդ կը շարունակուի...Երէկ եւ այսօր։

Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեան մեկնաբանութիւնը

«Հայերու հանդէպ կանխամտածուած բնաջնջումի ծրագիրը ցարդ կը շարունակուի»։

Ունկնդրէ լուրը

Կազմակերպուած ձեւով հայերու կոտորածները, որոնք 19-րդ դարուն սկիզբ առին, շարունակուելով հասան 20-րդ դարասկիզբ, երբ Սուլթան Ապտուլ Համիտին, գահընկեց ըրած իթթիհադականները, իրենց “ուժերով„ կազմակերպեցին Ատանայի կոտորածները, զոր արիւնարբու Սուլթանին գահընկէցութենէն ետք սանձազերծուած առաջին լայնածաւալ կոտորածն էր, որ տեղի ունեցաւ 1909-ին։ Իթթիհատականները, որոնք Յունիս 10, 1908-ին “Ազատութիւն եւ հաւասարութիւն„ լոզունգներու ներքոյ՝ ոգեւորելով տիրացած էին իշխանութեան, եւ ձեւացած որպէս՝ ժողովուրդներու եղբայրութեան ջատագովներ, շատ չանցած կազմակերպեցին Ատանայի կոտորածը։

Կոտորածը երկու փուլով ընթացաւ․ առաջինը տեղի ունեցաւ Ապրիլի 1-էն 4-ը։ Յարձակումը կատարուեցաւ իշխանութեան օժանդակութեամբ, որը իր զինանոցը բացած էր խուժաններուն առջեւ։ Սկիզբը հայերը կազմակերպուած ձեւով կը պաշտպանուին եւ ետ կը մղեն խուժանը։ Ապա Անգլիոյ հիւպատոսութեան միջնորդութեամբ զինադադար կը կնքուի, սակայն զինադադարէն եւ հայերու զինաթափութենէն ետք կը սկսի երկրորդ՝ աւելի դաժան կոտորածը։ Հազարաւոր հայեր, ովքեր այդ ընթացքին զէնքերը վար դրած էին, կը սպաննուին եւ ողջ-ողջ կը հրկիզուին։ Առաջին եւ երկրորդ փուլերու միջեւ մօտ 30․000 զոհ կ՚արձանագրուի։

Իսկ ինչու՞ յատկապէս Ատանան ընտրուեցաւ անխնայ կոտորած իրագործելու վայր, երբ ան աշխարհագրականօրէն բարձր դիրք կը գրաւէր, եւ անջատ էր հայկական միւս գաւառներէն, ինչպէս նաեւ հեռու պատերազմական բոլոր բեմերէն։

Ատանան կ՚ընդգրկէր ամբողջ բարձրագոյն Կիլիկիան։ Անոր սահմանները կը տարածուէին Արեւմտեան Կիլիկիայի հետեւեալ քաղաքները՝ Թարսուս, Մերսին, Սիս, Անազարպա, Հաճն, Սէլէօսի եւ այլն։ Բազմազգ Ատանայի մէջ հայերը ունէին ծաղկուն գիւղեր եւ բարգաւաճող տնտեսութիւն, որը նախանձի եւ ատելութեան առիթ հանդիսացաւ տեղւոյն թուրք ազգայնամոլներուն կողմէ։

Եւրոպական մեծ տէրութիւնները, որոնց նաւերը խարսխուած էին Ատանայի կողքի Մերսին նաւահանգիստին մէջ, միջամտելու հրաման չէին արձակեր։ Եւրոպայի անտարբերութիւնը մէկ անգամ եւս նպաստեց ապագայ կոտորածներու իրականացման գործընթացին։

Այս առթիւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ստեֆան Պիշոն 17 Մայիս 1909-ին Ֆրանսայի խորհրդարանին կը զեկուցէ, ըսելով․ «Յարձակումներու առաջքը առնելու նպատակով գործուղուած զօրամասերը, իրենք եւս մասնակից եղած են հայերու ջարդին»։ Իսկ յաջորդ օրը Փարիզի Օսմանեան դեսպանատան թերթերուն տուած հաղորդակցութեան մէջ կը կարդանք, որ սպաննուած են ընդամէնը 4000 հայեր։

Անկասկած Ատանայի կոտորածը նախափորձը դարձաւ երիտթուրքերու համաթուրանական քաղաքականութեան։ Կայսրութեան ղեկին գտնուող ռազմական երեակը՝ Թալիաթը, Ճեմալն ու Էնվէրը, որոնք Պալքանեան ճակատէն կրած պարտութիւնները կ՚ուզէին փոխհատուցել՝ հայկական շրջանները հայաթափելով եւ հայկական հարցը ցեղասպանութեան միջոցաւ հիմնայատակ կործանելով։ Միաժամանակ թուրք-գերմանական կապերը կը խորանային, որոնք 1914-ի Օգոստոս 2-ին վերածուեցան դաշինքի, եւ որուն հետագային միացաւ նաեւ Աւստրիան։ Այս դաշինքները թուրքերը օգտագործեցին ներքին գործողութիւն մը իրականացնելու․ այն է՝ Օսմանեան կայսրութեան էթնիկ կառոյցը միատարր դարձնելու, որուն համար անհրաժեշտութեան պարագային դաշնակիցներու օժանդակութիւնը պիտի ստանային։ Այս վստահութիւնը արտացոլուեցաւ Վիլհելմի տուած հրամաններուն մէջ, ուր ան կը հրամայեր իր արտաքին գերատեսչութիւններուն անտեսել հայերուն կոտորածները եւ նոյնիսկ պաշտօնապէս ժխտել այն։

Այս ընթացքին իթթիհատականներու կողմէ սպառնալից նամակներ կ՚ուղարկուէին հայ մամուլին եւ կաթողիկոսին։ Անոնք շուտով սպառնալիքէն գործնականի կ՚անցնին եւ ազգային անվտանգութեան պատճառով, ապա նաեւ հայերու ենթադրեալ դաւաճանութեան պատրուակով որոշում կ՚ընդունին կայսրութեան արեւելեան եւ հարաւային շրջաններէն տեղահանել հայ ազգաբնակչութիւնը։ Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ ներքին գործոց եւ անվտանգութեան նախարարութիւնը, Իթթիհատի կենտրոնական կոմիտէն, ինչպէս նաեւ պատերազմի հարցերով նախարարութեան պատուիրակութիւնը մամուլի միջոցաւ ընդարձակ տեղեկատուական եւ քարոզչական արշաւ մը կը կազմակերպեն հայերուն կատարած եւ ծրագրած ենթադրեալ “յանցագործութիւնները„ բացայայտելու միտումով։ Հոն հայերը կը մեղադրուէին թշնամիին հետ գործակցելու, իշխանութեան ղեկին կանգնած կուսակցութեան՝ Իթթիհատի, պարագլուխները սպանելու մեղադրանքներով։

Քաջ գիտակցելով տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան կարեւորութիւնը՝ Իթթիհատականները իրենց գործողութիւնները կը զետեղէին ողջամիտ թուացող շարժառիթներու կողքին։ Շրջանառութեան մէջ էին գաղտնի տեղեկութիւններ, որոնք ցեղասպանութեան կը դրդէին։

1914-ի Օգոստոսին Թուրքիան “զինուած չէզոքութիւն„ կը յայտարարէ եւ ընդհանուր զօրահաւաք կը կազմակերպէ։ Զօրահաւաքը կ՚ընդգրկեր նաեւ հայերը, որոնց տարիքը սահմանուած էր 20-45 տարեկան, ապա նաեւ 15-20, իսկ ետքը 45-60 տարեկան։ Այս վերջին տարիքային խմբին համար դեսպան Մորգենթաուն իր յուշերուն մէջ կը գրէ․ «․․․անոնք երթերու ժամանակ ստիպուած էին թուրքերու սուիններու եւ մտրակներու ներքոյ ձիւնի միջով մեծ ծանրութիւններ տեղափոխել։ Քիչերուն կը յաջողուեր հասնիլ նշանակման վայր, բայց միեւնոյնն է շուտով անոնք ալ կ՚ոչնչացուէին»։

Ընդհանուր զօրահաւաքէն որոշ ժամանակ ետք Թուրքիան իսկապէս պատերազմ կը յայտարարէ եւ կը յարձակի Սեւ ծովի վրայ գտնուող ռուսական զօրքերու վրայ, մինչդեռ հայերու հանդէպ հալածանքները կը շարունակուէին յատուկէն տեղեր ապստամբութեան հանդիպելով։ Այսպիսով՝ կը հասնի տխրահռչակ 1915թ․-ի Ապրիլ 24-ը, երբ ներքին գործոց նախարարութիւնը հրաման կ՚արձակէ ձերբակալել Իթթիհատի դէմ թշնամանք տածելու մէջ կասկածուող բոլոր հայերուն։ Այս ձերբակալութիւններուն կը հետեւէին սպանութիւնները՝ առանց որեւէ դատի։

Այսօր եւս թրքական վարչակազմը, կողքին ունենալով Ատրպէյճանը՝ գլխաւորութեամբ Էրտողանի եւ Ալիէւի, կը փորձեն համաթուրանական հսկայ կայսրութիւն մը ստեղծել՝ թիրախ ունենալով հայոց անառիկ Արցախ աշխարհը։ Անոնք իրենց այս նպատակին հասնելու համար անմարդկային բոլոր միջոցներու կը դիմեն։ Սակայն այս անգամ կը հանդիպին հայուն անկոտրուն կամքին եւ միասնական ոգիին, ուր յաղթանակը մերն է եւ վաղ թէ ուշ պիտի հասնինք մեր նպատակին եւ մէկ անգամ ընդ միշտ վերջ պիտի դնենք թշնամիին ոտնձգութիւններուն։   

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/11/2020, 07:42