Հայազգի մեծանուն նկարիչ՝ Գառզու Հայազգի մեծանուն նկարիչ՝ Գառզու 

Հայկական պատառիկներ 10: Հայազգի մեծանուն նկարիչ՝ Գառզու (Բ. Մաս)

Ռոպեր Ռէյը կը գրէ. «Գառզու, քեզնից լաւ ոչ ոք չի կարողացել պատկերել աշխարհի անմարդայնացած դէմքը․ մոլորակի մեռած մակերեսը, որտեղ սարսափը արտացոլուած է ինչպէս հայելու մէջ»։

Աշխարհահռչակ հայազգի մեծանուն նկարիչ Գառզուի հետեւեալ խօսքերով կը շարունակենք իրեն նուիրուած սոյն հաղորդումը։    

“Իբրեւ նկարիչ կը պատկանիմ ֆրանսական արուեստին, սակայն իմ բոլոր գործերուս մէջ անշուշտ հայ կը մնամ։ Չէ՞որ մենք ամէնքս մեր ժողովուրդի բեկորներն են...։ (Գառզու 1966 Երեւան)

Ունկնդրէ լուրը

Որպէս նկարիչ Գառզուն կոփուեցաւ Փարիզեան արուեստի դարբնոցին մէջ։ Ֆրանսական երեւոյթ ըլլալով հանդերձ, ան իր էութեամբ աշխարհաքաղաքացիական (cosmopolic) է։ Իր գործերը տիեզերական են եւ համամարդկային։

Գառզուի վաղ շրջանի կտաւները կը կրեն գերիրապաշտներու (surrealist) ազդեցութիւնը։ Անոնք ոչ լուսաւոր, մելամաղձոտ, մութ ու խաւար գոյներով գործեր են, ուր անընդհատ նկարուած են թշուառութիւններն ու զրկանքները։

Գերիրապաշտները կը հաւատային, որ մարդը, աշխարհը, իրերը, բուն տարածութիւնն ու ժամանակը հոսող են ու յարաբերական, անոնց միջեւ սահմանները ջնջուած են։ Յստակ ոչինչ կայ, ամէն ինչ աղաւաղուած է, աղճատուած ու ճապաղած։ Աշխարհը անկարգ երեւոյթներու զանգուած մըն է։ Այդ իսկ պատճառաւ սահմաններ չի կան՝ երջանկութեան ու դժբախտութեան, լոյսի ու խաւարի, յոյսի ու յուսահատութեան, անհատի ու հասարակութեան միջեւ։ Գերիրապաշտներուն քով մարդու ինքնաընկալումը կարելի է այսպէս բնութագրել՝ «Ես մարդ եմ, սակայն իմ անձիս ու աշխարհի միջեւ սահմաններու հետքերը կորսուած են»։ Այլ խօսքով՝ անձը չի գիտեր թէ ուր կը սկսի իր “ես„- ը եւ ուր կը վերջանայ, ո՞ւր է աշխարհը եւ վերջապէս ի՞նչ բան է իրեն համար աշխարհը։

Գերիրապաշտներուն քով անձի ներքին մղումը, անոր ստեղծագործական մեթոտի հիմքն է։ Ըստ գերիրապաշտներու, մարդը պէտք է ձերբազատուի ընկերային, բարոյական եւ անհատական կապանքներէ եւ պէտք է իր գարշանքը յայտարարէ ընկերային տիրող կարգերու նկատմամբ։

Սակայն շուտով Գառզուն ձերբազատուելով գերիրապաշտներու ազդեցութենէն համալրեց իրապաշտներու շարքը։

Իրապաշտները՝ «Մարդը մարդու համար եւ հասարակութիւնը՝ յանուն մարդ»․ այսպէս կարելի է բնութագրել իրապաշտ գեղարուեստական գաղափարախօսութեան էութիւնը։

Արուեստի իրապաշտական ուղղութիւնը կ՚օգնէ անհատին կեանքի իմաստն ու արժէքը որոնել ու գտնել ամբողջ մարդկութեան միմեանց հետ հաղորդակցուելուն մէջ։ Ան կը նպաստէ անձի ներաշխարհի ամբողջականութեան պահպանմանն ու ամրապնդմանը, որմէ խլուած չեն ըլլար՝ ո՛չ բանականութիւնը, ո՛չ զգացմունքները, ո՛չ խիղճը եւ ո՛չ ալ մարդասիրական մղումները։ Անձի բազմակողմանի զարգացումը ու անոր ներդաշնակ սերտաճումը մարդկային հասարակութեանն ու պատմութեան հետ կը կազմեն իրապաշտական արուեստի բարձրագոյն մարդասիրական արժէքները։

Այստեղ՝ Գառզուի մօտ արդէն անհետացան նախկին թշուառութեան ու աղքատութեան հետքերը, որոնց փոխարինելու եկան շքեղութիւնն ու պերճանքը։ Մուրացկաններու ու խեղճութիւններուն տեղ ի յայտ եկան իշխանուհիներն ու թագուհիները, իրենց պճնեղ ու զարդարուն տարազներով, երեւակայական թագերով ու ծաղկեփունջերով։ Թօթափելով գերիրապաշտներու ազդեցութիւնը, Գառզուն բացաւ իր հեքիաթային ու կախարդական աշխարհը։

Իրապաշտ Գառզուն մարդն ու բնութիւնը չի պատճենահաներ ինչպէս որ կան, այլ՝ այդ պատկերները իր հոգիի ու մտքի բովէն անցնելով կը բիւրեղացնէ զանոնք եւ կը վերարտադրէ իրեն յատուկ իւրօրինակ ոճով։ Անոր յօրինուածքները (compositia) իր վար երեւակայութեան արգասիքներն են։

Հայկական թեմայով գործերը հիմնականին մէջ եկեղեցիներ են, իսկ 1990-ին 83-ամեայ Գառզուին յանձնարարուեցաւ Մանոսք քաղաքի մատրան որմնանկարներու իրականացման պարտականութիւնը։ Այստեղ Գառզուն ներշնչուած Յովհաննէս Աւետարանիչի կանխատեսումէն, 1000-ամեակի համաշխարհային վախճանաբանութեան վերաբերեալ, ներկայացուցած է 2000-ի համաշխարհային վախճանաբանութեան իր մտահոգութիւնները եւ ստեղծած է (Apocalypse) «Ափոքալիփսիս»-ը (Աշխարհի վերջը) պատկերաշարը։ Այս առթիւ Ռոպեր Ռէյը կը գրէ. «Գառզու, քեզնից լաւ ոչ ոք չի կարողացել պատկերել աշխարհի անմարդայնացած դէմքը․ մոլորակի մեռած մակերեսը, որտեղ սարսափը արտացոլուած է ինչպէս հայելու մէջ»։

Մատրան խորանի ձախ թեւին վրայ նկարուած է մարդկութեան կողմէ կատարուած ոճրագործութիւնները։ Աջ թեւի թեման կինն է։ Կամարաձեւ առաստաղի վրայ պատկերուած է Նափոլիոնի Վանտէի պատերազմը եւ ընդհանրապէս պատմութեան մէջ պատահած ցեղասպանութիւնները՝ հայկական, հնդկական եւ այլն։ Յատկանշական է այն պատկերը, ուր նկարուած են գանկեր եւ զինուորական տարազով եռագլուխ մարդ մը համապատասխանաբար՝ Թալիաթի, Էնվէրի և Ճէմալի։

Գառզուն արդիական է, թէեւ արդիականութեան մոլուցքով չէր տարուած։ Ան արդիականութիւնը չի փնտռեց նկարչական այս կամ այն հոսանքներու մէջ, այլ՝ ինքն իր մէջ խորասուզուելով, իր ինքնութեան մէջ գտաւ իր յաւերժ արդիականութեան գաղտնիքը։ Դասականութեան շունչն ու ոգին առկայ են Գառզուի գեղանկարչութեան ու արտայայտչամիջոցներու մէջ։ Ան իր գործերուն մէջ կը յենուի դասական արուեստի սկզբունքներու վրայ, ուստի անոր գործերը պէտք է գնահատել մեկնելով դասական նկարչական արուեստի չափանիշներուն։

Գառզուի նուրբ ու պարզ կտաւները իրենց գեղեցկութեամբ ու խորութեամբ իւրօրինակ հմայք ու տաքութիւն կը հաղորդեն ֆրանսական նկարչական արուեստին։ Ասոր համար 1956-ին, Գառզուին շնորհուեցաւ «Ֆրանսայի Պատուոյ Լէկիոն» շքանշանը, իսկ 1958-ին՝ «Արուեստի ու գրականութեան ասպետ»-ի կոչումը։

Արտայայտելով ժամանակի ու միջավայրի ոգին, հումանիստ նկարիչը իր աշխատութիւններուն մէջ կը խօսի մարդկութեան ապագայի իր տեսլականի վտանգներուն մասին, ու կ՚ահազանգէ մարդկային քաղաքակրթութեան սպառնացող վտանգներուն ի տես միշտ հաւատարիմ մնալով իր սկզբունքներուն ու գաղափարներուն մէջ։

        Խմբագրեց՝ Սօսէ Փիլաւճեան

Հաղորդավար՝ Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2020, 09:36