Եւրոպայի դրօշակը Եւրոպայի դրօշակը 

Որեւէ տեւական համաձայնութիւն պէտք է հաշուի առնէ Հայաստանի շահերը

Էլիզէի պալատը յայտարարութեան մէջ կը յիշէ նաեւ, որ Թուրքիան պէտք է դադրեցնէ շրջանին մէջ իր սադրանքները

Ֆրանսայի ղեկավարութիւնը 10 Նոյեմբերին յայտարարած է, որ կ՛ուսումնասիրէ Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին մէջ զինադադարի դրութեան մանրամասնութիւնները` աւելցնելով, որ որեւէ տեւական համաձայնութիւն պէտք է հաշուի առնէ Հայաստանի շահերը: Այս մասին կը գրէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Էլիզէի պալատը յայտարարութեան մէջ կը յիշէ նաեւ, որ Թուրքիան պէտք է դադրեցնէ շրջանին մէջ իր սադրանքները եւ հրաժարի որեւէ գործողութենէ, որ կրնայ սպառնալիքի տակ դնել ապագայ համաձայնութիւնը:

Քաղուած «Գանձասար»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/11/2020, 08:45