Արմէն Սարգսեան խորհրդակցութիւններ ունեցաւ քաղաքական ուժերու հետ Արմէն Սարգսեան խորհրդակցութիւններ ունեցաւ քաղաքական ուժերու հետ 

Արմէն Սարգսեան խորհրդակցութիւններ ունեցաւ քաղաքական ուժերու հետ

Ընդգծուեցաւ, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան` իբրեւ համազգային նշանակութիւն ունեցող հարցին լուծման շուրջ պէտք է ստեղծուի համազգային համախոհութիւն:

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 10 Նոյեմբերին, քաղաքական ուժերու հետ իր նախաձեռնած քաղաքական խորհրդակցութիւններու ծիրին մէջ, Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ զանազան ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ։

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արմէն Ռուստամեանի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեանի հետ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկրին մէջ ստեղծուած ներկայ իրավիճակին, մասնաւորապէս` ղարաբաղեան տագնապի լուծման վերաբերեալ Հայաստանի վարչապետին, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն ստորագրած յայտարարութեան ու անոր դրոյթներուն:

Հիմնական պատասխանատուն համարելով գործող իշխանութիւնները` ՀՅԴի ներկայացուցիչները իրենց անհանգստութիւնը եւ մտահոգութիւնը արտայայտեցին ներկայ վտանգներուն վերաբերեալ, ներկայացուցին ստեղծուած իրավիճակը յաղթահարելու իրենց տեսլականը:

Ընդգծուեցաւ, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան` իբրեւ համազգային նշանակութիւն ունեցող հարցին լուծման շուրջ պէտք է ստեղծուի համազգային համախոհութիւն:

Նախագահ Սարգսեան ընդգծեց երկրին կայունութեան պահպանման, հասարակական համերաշխութեան եւ միասնականութեան կարեւորութիւնը:

«Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արթուր Վանեցեան նախագահին ներկայացուց իր գնահատականները եւ դիտարկումները՝ նշելով, որ կուսակցութիւնը ունի ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու իր տեսլականը:

Այնուհետեւ Արմէն Սարգսեան հիւրընկալեց Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմինի անդամներ Վահրամ Բաղդասարեանը, Էդուարդ Շարմազանովը եւ ՀՀԿ երիտասարդական կազմակերպութեան ղեկավար Հայկ Մամիջանեանը: Վերջինները ներկայացուցին իրենց տեսակէտները յիշեալ յայտարարութեան բովանդակութեան եւ անոր հետագայ գործողութեան, վտանգներուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւն յայտնեցին երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ` հանդէս գալով նաեւ կարգ մը առաջարկներով:

«Ժառանգութիւն» կուսակցութեան վարչութեան նախագահ Նարինէ Դիլբարեան եւ վարչութեան անդամ Անդրանիկ Գրիգորեան նոյնպէս հանդիպում ունեցան Արմէն Սարգսեանի հետ` ընդգծելով միասնութեան եւ համերաշխութեան, ինչպէս նաեւ ներքաղաքական կայունութեան պահպանման կարեւորութիւնը:

Ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ներկայացուցիչները` խմբակցութեան քարտուղար Գէորգ Գորգիսեան եւ պատգամաւոր Անի Սամսոնեան ներկայացուցին իրենց գնահատականները, տեսակէտները եւ առաջարկները:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/11/2020, 07:45