Եւրոպական միութեան դրօշակը Եւրոպական միութեան դրօշակը 

Եւրոպական միութիւնը մէկ տարիով երկարաձգած է Թուրքիոյ դէմ Հաստատուած պատժամիջոցները

«Խորհուրդը որոշած է մէկ տարիով` մինչեւ 12 նոյեմբեր 2021 երկարաձգել Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցները` Միջերկրական ծովուն մէջ Թուրքիոյ անթոյլատրելի գործունէութեան ի պատասխան», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Եւրոպական Միութիւնը մէկ տարիով երկարաձգած է Թուրքիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները` Միջերկրական ծովուն մէջ անօրինական գործունէութեան համար, եւ սպառնացած է նոր պատժամիջոցներ հաստատել Անգարայի դէմ:

«Արմէնփրես»-ի համաձայն, ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Եւրոպական Միութեան խորհուրդի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

«Այսօր խորհուրդը որոշած է մէկ տարիով` մինչեւ 12 նոյեմբեր 2021 երկարաձգել Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցները` Միջերկրական ծովուն մէջ Թուրքիոյ անթոյլատրելի գործունէութեան ի պատասխան», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Խորհուրդը կը յիշեցնէ, որ այս պահուս Թուրքիոյ գծով սեւ ցուցակին վրայ կայ երկու անձ։

«Քաղուած Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2020, 09:21