Մեսրոպեան վարժարան Մեսրոպեան վարժարան 

“Զ. Մուքահալ հիմնարկը” կ՛եռապատկէ իր օժանդակութիւնը Մեսրոպեան վարժարանին

Հոգալու համար 109 աշակերտներու կրթաթոշակին մէկ երրորդը։ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի հաղորդագրութիւնը։

Ուրախութեամբ կը հաղորդենք, որ “Զ. Մուքահալ Հիմնարկ”ի հիմնադիր պարոն Ուիսամ Մուքահալ՝ Մեսրոպեան վարժարանին մէջ կրթութեան զարգացման նախաձեռնութիւններու օժանդակութեան ՌԱՖՒՔ ծրագրի հիմնադիրը, ծրագրի հիմնադրութեան հնգամեակին առիթով այցելեց Մեսրոպեան վարժարան եւ վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը՝ վարժարանիս եւ աշակերտներուն:

Պարոն Մուքահալ, առ ի գնահատանք վարժարանիս կրթական առաքելութեան եւ առ ի օժանդակութիւն անոր ծնողներուն, յայտարարեց, որ իր ղեկավարած հիմնարկը կ՛եռապատկէ իր տարեկան դրամական օժանդակութիւնը՝ Մեսրոպեանին. բարերարին ցանկութեամբ, այս տարուան նպաստը պիտի ծածկէ երկրորդական բաժնի 109 աշակերտներու կրթաթոշակին մէկ երրորդը:

Մեսրոպեան վարժարանը, տնօրէնութեամբ, ծնողներով եւ աշակերտներով, խորապէս շնորհակալութիւն կը յայտնէ պարոն Մուքահալին այս գօտեպնդող օժանդակութեան համար: Տնօրէնութիւնս կը հաւաստիացնէ, որ այս օգնութիւնը էապէս պիտի նպաստէ, որ ներկայ աննախընթաց դժուարին պայմաններուն մէջ վարժարանս լիարժէքօրէն շարունակէ իր կենսագործունէութիւնը՝ ի նպաստ լիբանանահայ աշակերտներուն մատուցուող լաւագոյն կրթութեան:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2020, 08:30