ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 

Ռուս խաղաղապահներ դէպի Հայաստան

Երկուշաբթի, 9 նոյեմբերին կայացած համաձայնութեան հիմքով Ղարաբաղի տարբեր հատուածներուն մէջ ռուս խաղաղապահներ պիտի տեղակայուին։

Ռուս խաղաղապահներ տեղափոխող առաջին 4 ինքնաթիռները ուղաւորուած  են Լեռնային Ղարաբաղ։ Մեկնումը  իրականացուած  է Ուլյանովսկի շրջանէն։ Այս մասին լուրը   յայտնած է  TASS  գործակալութիւնը յղում ընելով ՌԴ ՊՆ-ին։

Աւելի ուշ յայտնի  դարձած է  եւս 2 ինքնաթիռի մեկնման մասին։

ՌԴ ՊՆ-ն կը յիշեցնէ, որ ԼՂ հակամարտութեան գօտում խաղաղարար զօրակազմի տեղակայման համար կ՚ուղարկուի 1960 զինծառայող, 90 զրահամեքենայ, 380 միաւոր   ռազմական մեքենաներ։

Յիշեցնենք, որ  երէկ կայացած  համաձայնութեան հիմքով Ղարաբաղի տարբեր հատուածներուն   մէջ  ռուս խաղաղապահներ  պիտի տեղակայուին։

Յայտնենք նաեւ որ Վարչապետ Փաշինեանը երեկ յայտարարեց որ պատերազմը դադրեցաւ։

Յայտարարութեան մէջ ան նշած է

«Առած որոշումս դժուար էր ու ցաւոտ» այսպէս գրառեց Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Վարչապետը նաեւ վստահեցուց, որ համաձայնութեան եկած է Ատրպէյճանի եւ Ռուսատանի նախագահներուն հետ այսօր ժամը մէկէն սկսեալ ամբողջական հրադադար յայտարարելու մասին։

Փաշինեան նաեւ նշեց, որ յառաջիկայ օրերուն մանրամասնօրէն պիտի խօսի համաձայնութեան պայմաններուն մասին ըսելով նաեւ, որ եղած համաձայնութիւնը լաւագոյն տարբերակն էր հաշուի առնելով պատերազմական դրութիւնն ու իր մօտ առկայ ընդհանուր տուեալները։

Քաղուած «Արեւելք»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/11/2020, 09:43