Արցախ Արցախ 

«Աւրորա»ն կը սկսի մարդասիրական ծրագրեր իրականացնել՝ ուղղուած Արցախի բնակչութեան, եւ կը սկսի յայտերու ընդունում

«Աւրորա»ն պատրաստ է ընդունելու նախագիծերու յայտեր, որոնք պիտի օգնեն տուժած երեխաներուն, տեղահանուած ընտանիքներուն եւ վիրաւորներուն Արցախի եւ Հայաստանի տարածքին մէջ

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը անյապաղ կը սկսի մարդասիրական ծրագրեր իրականացնել՝ օգնելու արցախեան պատերազմէն տուժած երեխաներուն եւ մեծահասակներուն: Աջակցութեան առաջին ծրագրերը պիտի յայտարարուին այսօր՝ 2020 թ. Նոյեմբեր 18-ին:

Բացի այդ, «Աւրորա»ն պատրաստ է ընդունելու նախագիծերու յայտեր, որոնք պիտի օգնեն տուժած երեխաներուն, տեղահանուած ընտանիքներուն եւ վիրաւորներուն Արցախի եւ Հայաստանի տարածքին մէջ: Սկզբնական փուլով յայտերը կրնաք ուղարկել info@auroraprize.com ելեկտրոնային հասցէին:

Նախագիծերուն չափանիշներն ու մանրամասները պիտի յստակեցուին, որոնց մասին պիտի տեղեկացնենք լրացուցիչ:

Քաղուած «Եռագոյն»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2020, 08:32