Ահազանգ հրկիզող նոր զինատեսակի գործածութեան նկատմամբ Ահազանգ հրկիզող նոր զինատեսակի գործածութեան նկատմամբ 

Արցախի Մարդու Իրաւունքներու պաշտպանը ահազանգ հնչեցուց՝ հրկիզող նոր զինատեսակի գործածութեան նկատմամբ

Պաշտպանը ընդգծեց, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ Արցախի անտառներու դիտաւորեալ հրկիզումը պատերազմական յանցագործութիւն է

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ, քաղաքացիական բնակավայրերը եւ կառոյցները թիրախ դարձնելու զուգահեռ` յատկապէս վերջին օրերուն, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը դիտաւորեալ կերպով հրդեհ կը յառաջացնեն Արցախի անտառածածկ տարածքներուն մէջ, ըստ նախնական տուեալներու, հիմնականին մէջ սպիտակ ֆոսֆորի արգիլուած զինատեսակ օգտագործելով:

Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի փաստահաւաք առաքելութեան շրջանակներուն մէջ պարզուեցաւ, որ ատրպէյճանական կողմի Արցախի անտառներու դիտաւորեալ հրկիզումը կը կրէ համատարած բնոյթ եւ կ՛ընդգրկէ բոլոր շրջանները: Ըսստ նախնական տեղեկութիւններու` հրկիզուած է արդէն 1815 հեկտար անտառածածկ տարածք, սակայն զանազան վայրերու մէջ հրդեհները կը շարունակուին, եւ կայ ծաւալներու արագ աճի միտում:

«Հաշուի առնելով հրդեհուած անտառների ծաւալն ու աշխարհագրական ընդգրկուածութիւնը` Արցախի Հանրապետութեան բնակչութիւնը կանգնած է բնապահպանական աղէտի առաջ, որը խարխլում է տարածաշրջանում բնապահպանական անվտանգութիւնը եւ երկարաժամկէտ վտանգաւոր հետեւանքներ է պարունակում Արցախի բնակչութեան կեանքի ու առողջութեան համար: Բացի դրանից, ադրբեջանական զինուած ուժերն այդ յանցաւոր մեթոդաբանութեամբ նպատակ ունեն վնասել անտառներում ապաստանած քաղաքացիական բնակչութեանը», յայտնեց Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը:

Պաշտպանը ընդգծեց, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ Արցախի անտառներու դիտաւորեալ հրկիզումը պատերազմական յանցագործութիւն է, առ այդ,  ան կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան՝ գործնական քայլերու ձեռնարկելու ատրպէյճանական յանցագործութիւնները դատապարտելու եւ պատասխանատուները պատժելու ուղղութեամբ:

Լեռնային Ղարաբաղի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը (ԱԻՊԾ) եւս անդրադարձաւ այս հարցին եւ նշեց, որ Արցախի տարածքին մէջ ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ կը գործածուի նոր զինատեսակ։

«Ուսումնասիրութիւնից պարզուել է, որ այն այրող կասետային զէնք է` մօտ 40 սմ. երկարութեամբ, որի կիրառումը խաղաղ բնակչութեան ուղղութեամբ արգելուած է Ժնեւեան եւ միջազգային կոնվեցիաներով (պայմանագիրներով-Խմբ.): Այս զինատեսակը նախատեսուած է զանգուածային ոչնչացման եւ տարածքների հրկիզման համար», յայտնեց ԱԻՊԾն։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2020, 07:39