Դրամական աջակցութեան համար Հայաստանի կառավարութեան դիմած է 5000 Արցախցի Դրամական աջակցութեան համար Հայաստանի կառավարութեան դիմած է 5000 Արցախցի  

Դրամական աջակցութեան համար Հայաստանի կառավարութեան դիմած է 5000 Արցախցի

Այս մասին յայտնեց Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան ընկերային ապահովութեան ծառայութեան պետ Անի Ամիրշադեան:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանարապետութեան կառավարութեան կողմէ տրամադրուող միանուագ դրամական աջակցութեան համար արդէն դիմում ներկայացուցած է Արցախի մէջ հաշուըւած շուրջ 5000 քաղաքացի, որոնց 2000ին դիմումը արդէն հաստատուած է:

«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան ընկերային ապահովութեան ծառայութեան պետ Անի Ամիրշադեան:

Նախարարութեան հաշուարկով` Արցախի մէջ արձանագրուած մօտ 94 հազար քաղաքացի կրնայ դառնալ այս ծրագիրի շահառու: Ծրագիրին կրնան դիմել այս պահուն թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի մէջ գտնուող արցախցիները:

Ան նշեց, որ մէկ անձի կը յատկացուի 68 հազար կամ 83 հազար դրամ:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2020, 08:48