Արա Այվազեան Արա Այվազեան 

Արա Այվազեան նշանակուեցաւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար

ՀՀ վարչապետի որոշմամբ՝ Արա Այվազեան ազատուած էր ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարարի տեղակալի պաշտօնէն։

ՀՀ նախագահի հրամանագիրով՝ Արա Այվազեան նշանակուեցաւ ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարար։

«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 131-րդ յօդուածին, ինչպէս նաեւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքի 5-րդ յօդուածի 1-ին մասի.

Արա Այվազեան նշանակել արտաքին գործոց նախարար»,- ըսուած է նախագահի հրամանագիրին մէջ։

Աւելի վաղ, ՀՀ վարչապետի որոշմամբ՝ Արա Այվազեան ազատուած էր ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարարի տեղակալի պաշտօնէն։

Քաղուած «Արեւելք»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2020, 08:56