ՍՕ Խաչի վերանորոգուած ընկերաբժշկական կեդրոնի բացում ՍՕ Խաչի վերանորոգուած ընկերաբժշկական կեդրոնի բացում 

ՍՕ Խաչի վերանորոգուած ընկերաբժշկական կեդրոնի բացում

Թող այս կեդրոնը ձօնուած ըլլայ Արցախի մեր հերոսներուն, հալէպահայ մեր նահատակներուն, որպէս խոստում հայօրէն ապրելու եւ մեր իրաւունքներուն համար միասնաբար, իրար սատար կանգնելով, որպէս մէկ ժողովուրդ պայքարելու»:

Կիրակի, 22 Նոյեմբեր 2020-ին, բարձր հովանաւորութեամբ Հալէպի նահանգապետ տիար Հուսէյն Տիապի, նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մասիս Սրբ․ Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջ․ Վարչութեան, բացումը կատարուեցաւ ՍՕ Խաչի վերանորոգուած ընկերաբժշկական կեդրոնին:Հրաւիրեալները դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին ազգային- հայրենասիրական երգերու երաժշտական կատարումներով։Շէնքին մուտքին զետեղուած հիմնաքարի բացումէն ետք, Հալէպի նահանգապետը, հայ երեք համայնքապետները, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան եւ պետական, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ ուղղուեցան «Համալեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ բացման հանդիսութիւնը:

Օրուան բեմավարուհի ընկհ. Մարալ Քալայճեան-Սեմէրճեան բացման խօսքով հաստատեց, որ Սուրիան վերականգնումի իր փուլը թեւակոխած է եւ ժողովուրդը միասնաբար կը մասնակցի երկրի վերականգնումին, այս կեդրոնի բացումն ալ հաստատումն է այդ իրողութեան: Սեմէրճեան շեշտեց, որ ահաբեկչական շարժումը չյաջողեցաւ ոչնչացնել մեր ապրելու տենչն ու կամքը, եւ սուրիական հայրենիքի պաշտպանութեան եւ ծաղկումին նուիրուած ուժեղ բանակին, ղեկավարութեան ու ժողովուրդին ջանքերով մեր երկիրը փիւնիկի նման յառնեցաւ։ Այնուհետեւ ան հրաւիրեց ՍՕԽ-ի Շրջ․ Վարչութեան անդամ ընկհ. Հուրի Մուսալլին, որ արաբերէնով անդրադարձաւ միութեան հարիւր տարուան բարեսիրական աշխատանքին Սուրիոյ եւ մասնաւորաբար Հալէպի մէջ:Ընկերուհին մանրամասնօրէն անդրադարձաւ պատերազմէն ետք կեդրոնի վերաշինութեան մեծ ներդրում բերած երկրիս վսեմաշուք նախագահ տոքթ․ Պաշշար ալ Ասատին եւ Առաջին Տիկին Ասմա ալ Ասատին ջանքերուն, դիտել տալով, որ անոնք մօտէն կը հետեւին, նիւթապէս եւ բարոյապէս զօրավիգ կը կանգնին միութեան աշխատանքներուն, միշտ խթան հանդիսանալով բարեսիրական աշխատանքին, որուն համար միութեան անդմներուն խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց։ Ապա ան երախտագիտական խօսք ուղղեց Գերաշնորհ Սրբազան Հօր եւ բոլոր բարերարներուն, որոնց ուշադրութեան առարկան է Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը իր տարաբնոյթ ձեռնարկներով ու ծառայութեամբ:

Հայերէն բացման խօսքով Շրջ․ Վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Սեդա Տէր Աբրահամեան-Կէրկէրեան նկատել տուաւ, որ այս կեդրոնը իր հիմնադրութեան օրէն կը ծառայէր Հալէպի բնակչութեան բժշկական, մարդասիրական կարիքներուն, իսկ Սուրիոյ պատերազմի արհաւիրքէն ետք, կիսաքանդ այս շէնքը կրկին հոգի ու կեանք ստացաւ շնորհիւ Հալէպի ազատագրումին ու մեր նահատակներու հեղած արեան, ինչպէս նաեւ խաչուհիներու աննահանջ աշխատանքին:Կէրկէրեան դիտել տուաւ, որ այս մեղուափեթակը կը գոյատեւէ նոր ու փայլուն հորիզոններու տեսլականով: Ապա ներկայացուց կեդրոնի տարբեր բաժիններու ծառայութիւնը եւ յատկապէս անդրադարձաւ նոր հիմնուած «Ֆիզիոթերափի»ի կեդրոնին, որուն հաստատման իրենց մասնակցութիւնը բերին Սուրիոյ Առաջին Տիկնոջ հովանաւորութիւնը վայելող «Ալ Ամանա ալ Սուրիէ» միութիւնն ու ՄԱԿ-ի Սուրիոյ գրասենեակը։ Օրուան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, որ նախ արաբերէնով ըսաւ, որ Հալէպը փորձեցին քանդել ու անդամալոյծ քաղաքի վերածել, սակայն շնորհիւ սուրիական բանակին, երկրի նախագահին յանդուգն կեցուածքներուն եւ ժողովուրդին աննկուն կամքին Հալէպը վերականգնեցաւ։

Սրբազան հայրը երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Սուրիոյ Նախագահին, որ նեցուկ կանգնելով ժողովուրդին ու յատկապէս վերականգնումի աշխատանքներուն ուժ ու կորով ներշնչեց բոլորին։ Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Հալէպի համայնքապետին եւ բոլոր ներկաներուն, որոնք ներկայ գտնուելով այս ձեռնարկին հաստատեցին, որ Սուրիան ու անոր ժողովուրդը կը պայքարին յանուն երկրի ապագային։ Սրբազան հայրը շնորհաւորեց Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի անդամները այս հսկայածաւալ աշխատանքին համար, դիտել տալով որ կեդրոնը քանդուեցաւ, սակայն աշխատանքը այլ վայրի մէջ շարունակուեցաւ, որպէսզի ժողովուրդին ծառայութեան նուիրական գործը անխափան մնայ։ Ապա հայերէն իր խօսքով սրբազան հայրը վեր առաւ Արցախի մեր ժողովուրդին պայքարն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ ըսաւ․ «Թող այս կեդրոնը ձօնուած ըլլայ Արցախի մեր հերոսներուն, հալէպահայ մեր նահատակներուն, որպէս խոստում հայօրէն ապրելու եւ մեր իրաւունքներուն համար միասնաբար, իրար սատար կանգնելով, որպէս մէկ ժողովուրդ պայքարելու»:Հրաւիրեալները մեկնելէ առաջ շրջեցան շէնքի բոլոր յարկերն ու բաժանմունքները, ծանօթացան կառոյցին մատուցած ընկերաբժշկական ծառայութիւններու բնոյթին՝ գնահատելով միութեան բարեսիրական կազմակերպ աշխատանքը:Ապա ցուցադրուեցաւ ՍՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնին հիմնարկէքն ու պատմութիւնը ներկայացնող տեսանիւթ մը։

ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան

Դաստիարակչական Յանձնախումբ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/11/2020, 10:53