Աւելի քան 50 հազար Արցախցիներ վերադարձան Արցախ Աւելի քան 50 հազար Արցախցիներ վերադարձան Արցախ 

Աւելի քան 50 հազար Արցախցիներ վերադարձան Արցախ

Անդրադառնալով յառաջիկային արցախցիներուն վերադարձին` նախարարը նշեց, որ այդ գործընթացը պէտք է համաձայնեցուած ըլլայ տեղական իշխանութիւններուն հետ, որովհետեւ միանգամայն չեն կրնար բոլորին բնակարան կամ կացարան ապահովել: Ատոր համար կարեւոր է, որ վերականգնման աշխատանքներուն զուգահեռ այդ գործընթացը կատարուի:
Ունկնդրէ լուրը

ԵՐԵՒԱՆ. «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Ժիրայր Միրզոյեան նշեց, որ արցախցիներուն վերադարձի գործընթացը բաւական աշխոյժ կերպով կ՛ընթանայ՝ դիտել տալով, որ արդէն 50 հազարէ աւելի արցախցի վերադարձած է Արցախ:

«Ստեփանակերտում ու շրջաններում են բնակւում նաեւ այն արցախցիները, որոնց բնակարանները գտնւում են Ադրբեջանի վերահսկողութեան ներքոյ անցած տարածքներում: Վերադարձողների առաջին կանգառը Ստեփանակերտն է, որտեղ կազմակերպւում է նրանց տեղափոխումն իրենց բնակավայրեր: Շրջանների հետ կապուած, ով տրանսպորտի խնդիր ունի, դիմում է կառավարութեանը եւ տեղափոխումը կազմակերպւում է», յայտնեց նախարարը:

Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ դժգոհութիւններ կան կապուած այն հարցին, որ բնակիչները կը հասնին Ստեփանակերտ, ուր անոնց դիմաւորող չկայ, եւ շատերը չեն գիտեր ինչ պիտի ընեն՝ Ժիրայր Միրզոյեան ըսաւ, որ արդէն պատասխանատու կայ, որ մնայուն ներկայութիւն է Վերածնունդի հրապարակին վրայ:

«Եթէ խօսքը կազմակերպուած տեղափոխութիւնների մասին է, ապա միշտ դրանք համակարգուած են եղել, սակայն շատերը իրենց նախաձեռնութիւնով են գալիս, այդ դէպքում մենք շատերի վերադարձի մասին չենք իմանում: Եթէ նախապէս տեղեկացնեն, ապա, բնականաբար, կը դիմաւորենք: Բայց նորից եմ ասում, արդէն մշտական պատասխանատու կայ Վերածննդի հրապարակում», յայտնեց նախարարը:

Ըստ անոր՝ Արցախ վերադարձած արցախցիները, որոնց տուները պահպանուած են, կ՛երթան իրենց տուները, իսկ անոնք, որոնց տուները վերանորոգման կարիք ունին, պէտք է դիմեն Քաղաքաշինութեան նախարարութեան, որ անհրաժեշտ հարցերով կ՛աջակցին, իսկ այն ընտանիքները, որոնց տուները չեն պահպանուած կամ մնացած են Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ, կը տեղաւորուին ժամանակաւոր կացարաններու մէջ: «Դրանք` հիւրանոցներն են, որոնց  90 տոկոսն արդէն լրացուած է, յարմարեցուած տարածքները, հանրային շէնքերը: Բաւական մեծ քանակով ընտանիքներ են տեղաւորուել գիւղերի այն տներում, որոնք նախկինում ազատ են եղել: Արցախի կառավարութիւնը սկսել է վարձակալութեան սկզբունքով տներ տրամադրել բնակարանները կորցրածներին` վճարելով բնակվարձի գումարը: Քարվաճառի եւ միւս տարածքների բնակիչները, որոնք հրադադարից յետոյ են կորցրել իրենց բնակարանները, պէտք է դիմեն տարածքային մարմիններին, որոնք հաշվառում են կատարում եւ փորձում են ժամանակաւոր կացարաններ տրամադրել», տեղեկացուց նախարարը՝ աւելցնելով, որ յառաջիկային Արցախի մէջ մեծ ծաւալի բնակարանաշինութեան ծրագիր պիտի իրականանայ:

Նախարարը վստահեցուց, որ Արցախ վերադարձածներուն կը տրամադրուին նաեւ առաջին անհրաժեշտութեան կենցաղային պարագաներ: Ներկայիս խնդիրներէն մէկն ալ այն է, որ դեռ ամբողջ ծաւալով չեն գործեր ելեկտրամատակարարման, կազամատակարարման համակարգերը: Ժիրայր Միրզոյեանի համաձայն` այդ ուղղութեամբ եւս աշխատանքները աշխոյժ են:

Անդրադառնալով յառաջիկային արցախցիներուն վերադարձին` նախարարը նշեց, որ այդ գործընթացը պէտք է համաձայնեցուած ըլլայ տեղական իշխանութիւններուն հետ, որովհետեւ միանգամայն չեն կրնար բոլորին բնակարան կամ կացարան ապահովել: Ատոր համար կարեւոր է, որ վերականգնման աշխատանքներուն զուգահեռ այդ գործընթացը կատարուի:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2020, 08:34