Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Փէյչինովիչ-Պուրիչ Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Փէյչինովիչ-Պուրիչ  

Եւրոպական Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը կարեւոր նկատած է տագնապի գօտիին մէջ Մարդու Իրաւունքները յարգելու անհրաժեշտութիւնը

«Հայաստանն ու Ազրպէյճանը Եւրոպական խորհուրդի անդամ են: Երկու երկիրներն ալ պարտաւոր են պահպանել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական ուխտը:
Ունկնդրէ լուրը

Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Փէյչինովիչ-Պուրիչ շեշտած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման անհրաժեշտութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:

«Հայաստանն ու Ազրպէյճանը Եւրոպական խորհուրդի անդամ են: Երկու երկիրներն ալ մեր կազմակերպութեան առջեւ ստանձնած են պարտաւորութիւններ` խաղաղ ճամբով լուծելու այս տագնապը: Եւ երկու երկիրներն ալ պարտաւոր են պահպանել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական ուխտը: Այս տարածքին մէջ մարդու իրաւունքները յարգելը կենսականօրէն կարեւոր եւ իրաւական պարտաւորութիւն է», ըսած է Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը:

Ան նշած է, որ, անկախ քաղաքականութենէն, տագնապի գօտիին մէջ ապրող մարդիկ պէտք է ապահովուին մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան լոյն չափանիշներուն, ինչպէս Եւրոպայի մէջ ոեւէ մէկը:

Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը աւելցուցած է, որ հակամարտութիւններու եւ տարածքային վէճերու լուծումը իրենց կազմակերպութեան լիազօրութիւններէն դուրս է: Այնուամենայնիւ, ան շեշտած է, որ այս պաշտօնին մէջ իր լիազօրութիւններու առաջնահերթութիւններէն դարձած է այդ տարածքներու մէջ մարդու իրաւունքներու պահպանման խնդիրի կարգաւորումը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/10/2020, 09:20