Մայք Փոմփէօ Մայք Փոմփէօ  

Փոմփէօ Ալիեւին եւ Փաշինեանին կը յորդորէ յարգել հրադադարը։

Փաշինեան երէկ յայտարարեց, թէ Ուաշինկթընէն արձագանգ կ՛ակնկալէ «Ադրբեջանի կողմից հրադադարի խախտման վերաբերեալ»:
Ունկնդրէ լուրը

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ նախարար Մայք Փոմփէօ հեռաձայնային զրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ, դարձեալ ընդգծելով, որ «ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի» եւ յորդորեց Նիկոլ Փաշինեանին ու Իլհամ Ալիեւին,  որ հաւատարիմ մնան հրադադարին շուրջ իրենց երկիրներուն ստանձնած պարտաւորութիւններուն եւ հասնին ղարաբաղեան հակամարտութեան դիւանագիտական կարգաւորման՝ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի հովանիին տակ:

Յիշեցնենք, որ Փոմփէօ հանդիպում ունեցած էր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ, որմէ ետք կողմերը դարձեալ յայտարարած էին, թէ պատրաստ են մարդասիրական հրադադար հաստատելու՝ զոհուածներու աճիւնները դուրս բերելու եւ գերիները փոխանակելու համար: Սակայն, զինադարարի այս երրորդ փորձը եւս մնաց թուղթի վրայ:

Փաշինեան երէկ յայտարարեց, թէ Ուաշինկթընէն արձագանգ կ՛ակնկալէ «Ադրբեջանի կողմից հրադադարի խախտման վերաբերեալ»:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2020, 08:57