ՄԱԿ-ի զինանշան ՄԱԿ-ի զինանշան 

«Շփման գիծի երկայնքին շարունակուող զինուորական գործողութիւններու ընթացքին 40 քաղաքայիններ զոհուած են» կ՛ըսէ Տիւժարիք

«Բախումներու սկիզբէն ի վեր մինչեւ այս պահը, հաղորդուող տուեալներուն համաձայն, երկու կողմէն աւելի քան 40 խաղաղ բնակիչ զոհուած է, աւելի քան 200 քաղաքայիններ վիրաւորուած

Արցախ-Ազրպէյճան տագնապի գօտիին մէջ ծաւալուող զինուորական գործողութիւններու ընթացքին 40 քաղաքայիններ զոհուած են: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք:

«Մարդասիրական հարցերով ՄԱԿ-ի վարչութիւնը այսօր յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծի երկայնքին շարունակուող բախումներուն առնչութեամբ ծայրայեղ մտահոգութեան մասին: Այնտեղ կոչ ուղղած են անյապաղ դադրեցնելու մարտական գործողութիւնները», ըսած է Տիւժարիք:

«Բախումներու սկիզբէն ի վեր մինչեւ այս պահը, հաղորդուող տուեալներուն համաձայն, երկու կողմէն աւելի քան 40 խաղաղ բնակիչ զոհուած է, աւելի քան 200 քաղաքայիններ վիրաւորուած են», կը նշուի միջազգային կազմակերպութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/10/2020, 09:52