Գանատայի Օնթարիոյի խորհրդարանին մէջ առաջարկած են Թուրքիան հեռացնել ՆԱԹՕ-էն, ճանչնալ Արցախը
Օնթարիոյի նահանգային խորհրդարանի անդամները իրենց խորը մտահոգութիւնը յայտնած են Արցախի մէջ տիրող հակամարտության առնչութեամբ
Գանատայի Օնթարիօ նահանգի Օրէնսդիր ժողովի անդամները ի աջակցութիւն Արցախին առաջարկով հանդէս եկած են: Այս մասին կը հաղորդէ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը:
Օնթարիոյի Օրէնսդիր ժողովի անդամները առաջարկած են Թուրքիան հեռացնել ՆԱԹՕ-էն եւ քննարկել Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչնալու հարցը:
Օնթարիոյի նահանգային խորհրդարանի անդամները իրենց խորը մտահոգութիւնը յայտնած են Արցախի մէջ տիրող հակամարտության առնչութեամբ և համերաշխութիւն յայտնած են Օնթտարիոյի հայկական համայնքին ՝ խաղաղ կարգավորման կոչ ընելով։ Անոնք խիստ քննադատած են Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը:
Քաղուած «Եռագոյն»էն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
22/10/2020, 07:50