Քորոնա Ժահր Քորոնա Ժահր 

«Քորոնա»ի իրավիճակի խնդրով առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութիւնը մտահոգութիւն կը յայտնէ

Ըստ Կազմակերպութեան խօսնակին, հակամարտութեան սկիզբէն ի վեր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ թագաժահրով վարակուածներու թիւերը սկսած են կտրուկ աճ արձանագրել:

Առողջապահութեան Միջազգային Կազմակերպութիւնը իր մտահոգութիւնը յայտնած է Արցախի մէջ ընթացող հակամարտութեան պատճառով թագաժահրով վարակուածներու թիւի կտրուկ աճին վերաբերեալ:

Կազմակերպութեան խօսնակ՝ Թարէք Ճասարէվիչը մամուլի ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, թէ «Covid-19-ը ո՛չ առաջնագիծ եւ ո՛չ ալ սահմաններ կը յարգէ, ընդհակառակը ան կ'օգտագործէ իւրաքանչիւր թուլացում, անզգոնութիւն կամ տագնապ, որ մեր ուշադրութիւնը կը շեղէ մեր տարած միացեալ ջանքերէն՝ կանգնեցնելու համար իր մահացուցիչ ընթացքը: Արդարեւ, զօրքերու եւ բնակչութեան կուտակումները առիթ կու տան վարակի արմատաւորուելուն»:

Ըստ Կազմակերպութեան խօսնակին, հակամարտութեան սկիզբէն ի վեր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ թագաժահրով վարակուածներու թիւերը սկսած են կտրուկ աճ արձանագրել:

Յայտնենք նաեւ, որ այսօր, 14 Հոկտեմբեր 2020-ին, Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով վարակուածներու թիւը թեւակոխած է հազարը, արձանագրելով 1058 նոր վարակակիր:

Քաղուած «Արեւելք»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2020, 08:31