Պարէնի Համաշխարհային Ծրագիր Պարէնի Համաշխարհային Ծրագիր 

2020-ի Նոպէլեան մրցանակը Պարէնի Համաշխարհային Ծրագիրին

Ասիկա զօրեղ յիշեցում է աշխարհին թէ խաղաղութիւնը եւ զէռօ անօթութիւնը կ՛ընթանան զուգահեռ:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

9 հոկտեմբերին յայտարարուեցաւ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիրը։  318 թեկնածուներու շարքին ընտրուեցաւ Պարէնի համաշխարհային ծրագիրը ՝  ի տես անոր պատերազմական տարածքներու մէջ սովի դէմ պայքարելու, եւ այդ տարածքներու պայմաններու բարելաւման  և խաղաղութեան հաստատումին ի նպաստ տածած ջանքերուն:

Պարէնի համաշխարհային ծրագիրը (ՊՀԾ), հիմնադրուած է 1961-ին, որպէս տեսլական ունենալով. բոլոր ժամանակներու  իւրաքանչիւր այր մարդու, կնոջ և երեխայի համար, հասանելի դարձնել անհրաժեշտ սննդամթերք, գործունեայ և առողջ կեանք մը ապրելու համար: Ան տարեկան կը սպասարկէ 86.7 միլիոն մարդու, աշխարհի 83 երկիրներու մէջ:

ՊՀԾ-ն ջանք չի խնայեր աշխարհի երեսէն սովը վերացնելու համար: Անոր ծրագրերը հիմնականին մէջ կ՛անդրադառնայ  սովի հիմնարար պատճառներուն, համայնքներու կայունութեան և պարէնային օգնութեան ծրագիրներով:

Ի լուր մրցանակի յաղթանակին՝ ՊՀԾ-ն թուիթըրեան կայքին վրայ հրապարակեց հետեւեալ գրութիւնը «Ի սրտէ շնորհակալութիւն Նոպէլեան Կոմիտէին, Պարէնի համաշխարհային ծրագիրը պատուելու համար 2020 նոպէլեանի մրցանակով։  Ասիկա զօրեղ յիշեցում է աշխարհին թէ խաղաղութիւնը եւ զէռօ անօթութիւնը կ՛ընթանան զուգահեռ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/10/2020, 07:25