ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես  

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը անընդունելի կոչած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի դրութեան խախտումները

«Կը կիսենք ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի մտահոգութիւնը` առնչուած այն վնասին, որ հասցուած է քաղաքայիններու: Պատրաստ ենք որեւէ մարդասիրական օգնութիւն յատկացնելու այդ հաշիւով դիմում ստանալնուս պէս»,

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես մտահոգուած է ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ զինադադարի մասին համաձայնութեան խախտումներու մասին հաղորդումներով եւ այդպիսի գործողութիւնները անթոյլատրելի կը նկատէ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն,  այս մասին ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Ստեֆան Տիւժարիք:

Ունկնդրէ լուրը

«Շաբաթավերջին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը ողջունած էր զինադադարի մասին համաձայնութիւնը, որ մշակուած էր Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու կողմէ: Կրնամ տեղեկացնել, որ այսօր լրջօրէն հիասթափուած ենք զինադադարի դրութեան խախտման մասին լուրերով եւ այդ խախտումները անընդունելի կը նկատենք: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը կը դատապարտէ որեւէ գործողութիւն` ուղղուած քաղաքային բնակչութեան դէմ: Ընդհանուր քարտուղարը դարձեալ կողմերուն կը յիշեցնէ քաղաքայինները եւ քաղաքային կառոյցները պաշտպանելու անոնց պարտաւորութիւններու մասին` միջազգային մարդասիրական իրաւունքին համապատասխան», կը նշուի Տիւժարիքի յայտարարութեան մէջ:

«Կը կիսենք ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի մտահոգութիւնը` առնչուած այն վնասին, որ հասցուած է քաղաքայիններու: Պատրաստ ենք որեւէ մարդասիրական օգնութիւն յատկացնելու այդ հաշիւով դիմում ստանալնուս պէս», աւելցուցած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբերը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/10/2020, 12:32