ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան 

Մնացականեան անհրաժեշտ համարեց հրադադարը եւ խիստ կարեւոր համարեց ՌԴ-ի դերը այս հարցով

ՀՀ ԱԳ նախարարի խօսքով` Սեպտեմբեր 27-էն սկսեալ կը շարունակուի Արցախի ժողովուրդի դէմ լայնածաւալ յարձակումը Ազրպէյճանի կողմէ:

Ազրպէյճանը չի կատարեր հրադադարին վերաբերեալ Մոսկուայի մէջ համաձայնեցուած իր պարտաւորութիւնները: Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի հետ հանդիպման ժամանակ, այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ըսած է ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան:

Ան նշեց, որ այն, ինչին բախած է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը, աստիճանական վտանգի մարմնաւորում կը համարուի, որ կը հասուննար տասնեակ տարիներու ընթացքին, որուն մասին խօսած են անընդհատ: «Մենք կրցած ենք հասնիլ որոշակի արդիւնքներու՝ շնորհիւ ձեր եւ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ներգրաւուածութեան: Յաջողեցան նախարարներու մակարդակով համաձայնեցնել հրադադարի վերաբերեալ համատեղ յայտարարութիւն: Մենք բարձր կը գնահատենք ձեր անձնական եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի ներդրումը, որ կրցանք հասնիլ այսպիսի արդիւնքի»,- ըսած է Մնացականեան:

Նախարարը անհրաժեշտ համարած է դադրեցնել մարտական գործողութիւնները եւ խիստ կարեւոր համարած Ռուսիոյ դերը այս հարցով: «Ցաւօք, այս պահուն չենք կրնար գործնական գետնի վրայ արձանագրել, որ ունինք լիարժէք հրադադար: Եւ բառացիօրէն նախքան այստեղ գալը, կը շարունակէր տեղեկութիւններ գալ, որ Ազրպէյճանը չի կատարեր հրադադարի իր պարտաւորութիւնները: Եւ այդ առումով ես կ՝ուզեմ ընդգծել վաւերացուած մեքենականութիւններու ներդրման կարեւորութիւնը, որմով կրնանք հասնիլ այդ վարչաձեւի պահպանման»,- ըսած է Մնացականեան:

ՀՀ ԱԳ նախարարի խօսքով` Սեպտեմբեր 27-էն սկսեալ կը շարունակուի Արցախի ժողովուրդի դէմ լայնածաւալ յարձակումը Ազրպէյճանի կողմէ: «Ի դէպ, բաց կը ներկայացուին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ուժային ճանապարհով լուծման իրական նպատակները»,- նշած է Մնացականեան՝ ընդգծելով, որ այլեւս գաղտնիք չեն Արցախի ֆիզիքական բնաջնջման նկրտումները:

ԱԳ նախարարը Սերգէյ Լաւրովին ներկայացուցած է քաղաքացիական բնակչութեան զոհերու եւ վիրաւորներու վերաբերեալ տուեալները, ինչպէս նաեւ շէնք-շինութիւններու եւ ենթակառուցուածքներու վնասի չափերը: Մնացականեանը յայտնած է, որ հակառակորդը խաղաղ բնակչութեան դէմ օգտագործած է հրետանի, հրթիռներ, անօդաչու թռչող սարքեր, օդանաւեր: «Կան զոհեր եւ վիրաւորներ Ազրպէյճանի կողմէ կասեթային ռումբերու կիրառման հետեւանքով»,- աւելցուցած է Մնացականեան:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/10/2020, 13:13