ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւն 

Երեւան կ՛արձագանգէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու նախագահներուն կատարած միացեալ կոչին

Հայաստանը կը շարունակէ յանձնառու ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը արձագանգեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու նախագահներուն կատարած միացեալ կոչին:

«Մենք կ՛ողջունենք այն փաստը, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու առաջնորդներու մակարդակով խստօրէն դատապարտած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ ուժի կիրարկումը: Հայաստանը շարունակաբար մերժած եւ դատապարտած է Ազրպէյճանի կողմէ ուժի կիրարկումը կամ ուժի կիրարկման սպառնալիքը եւ Թուրքիոյ անմիջական ներգրաւումը Հայաստանի ու Արցախի դէմ մարտական գործողութիւններուն մէջ: Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միասնական յարձակողապաշտ գործողութիւնները եւ օտարերկրեայ ահաբեկիչ զինեալներու ներգրաւումը կը խաթարեն շրջանային անվտանգութիւնը եւ խաղաղութիւնը` նշանակալիօրէն բարձրացնելով լայնածաւալ պատերազմի վտանգը: Արցախի դէմ այս յարձակումը պէտք է անմիջապէս դադրեցուի:

«Հայաստանը կը շարունակէ յանձնառու ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման: Մենք պիտի շարունակենք վճռականօրէն հակադարձել Արցախի դէմ այս յարձակումին` միաժամանակ պատրաստ ըլլալով աշխատելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն հետ` 1994-1995-ի համաձայնագիրներուն վրայ հիմնուած զինադադարի դրութեան վերականգնման ուղղութեամբ», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ:

Այլ յայտարարութեամբ մը նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտեց Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքի խաղաղ բնակավայրերու թիրախաւորումը: Անդրադառնալով 1 հոկտեմբերին Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզի Շատվան գիւղի եւ Մեծ Մասրիկ բնակավայրի վրայ արձակուած հրթիռներուն, որոնց իբրեւ հետեւանք արձանագրուած են զոհ մը եւ վիրաւորներ` նախարարութիւնը նշեց. «Յատկանշական է, որ Ազրպէյճանը կ՛ընթանայ դէպի հետագայ սրացում մարտական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցման վերաբերեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու առաջնորդներու յայտարարութենէն ժամեր անց:

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի այս գործողութիւնները եւ կը գնահատէ զանոնք` իբրեւ տագնապի հետագայ սրացման քայլ: Թուրքիոյ հրահրումով եւ ուղղակի աջակցութեամբ շրջանային անվտանգութիւնը խաթարելու այս փորձը կը դիտարկենք իբրեւ պատասխան միջազգային հանրութեան, մասնաւորապէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան խաղաղութիւն հաստատելու կոչերուն եւ ջանքերուն: Տագնապի հետագայ սրացման ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/10/2020, 10:19