Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն  

Մաքրոն կը քննադատէ Թուրքիոյ ռազմատենչ դերը

«Հայե՜ր, Ֆրանսա պիտի ունենայ իր դերը։ Մենք չենք կատարեր որեւէ յայտարարութիւնն, որ կը նպաստէ տագնապին սրման»։

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն քննադատեց Արցախ-Ատրպէյճան հակամարտութեան մէջ Պաքուին աջակցող Թուրքիոյ յայտարարութիւնները, զանոնք «անշրջահայաց եւ վտանգաւոր» որակելով:

Ունկնդրէ լուրը

«Ֆրանսա խիստ մտահոգ է վերջին ժամերուն Թուրքիոյ ռազմատենչ յայտարարութիւններով։ Անոնք անընդունելի են», նշեց Մաքրոն, աւելցնելով որ Արցախի հակամարտութեան հարցը պիտի քննարկէ Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն, Ռուսիոյ եւ Ամերիկայի նախագահներուն հետ։

Ան նաեւ յատուկ կոչ յղեց հայ ժողովուրդին՝ ըեսլով․ «Հայե՜ր, Ֆրանսա պիտի ունենայ իր դերը։ Մենք չենք կատարեր որեւէ յայտարարութիւնն, որ կը նպաստէ տագնապին սրման»։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/10/2020, 07:45