Սաատ Հարիրի Սաատ Հարիրի 

Սաատ Հարիրի նշանակուեցաւ վարչապետ. կառավարութիւնը կազմելու նպատակով Հարիրի այսօր կը խորհրդակցի երեսփոխանական պլոքներուն հետ

կառավարութեան կազմութիւնը նախատեսուածէն շատ աւելի արագ պիտի կատարուի:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 9:00-ին, նախագահական պալատին մէջ սկսաւ վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն, որոնց աւարտին վարչապետի պաշտօնի միակ թեկնածու Սաատ Հարիրի նշանակուեցաւ վարչապետ:

Նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններէն ետք Սաատ Հարիրի 65 քուէով դարձաւ վարչապետ, մինչդեռ 53 այլ երեսփոխաններ մերժեցին ոեւէ մէկուն թեկնածութիւնը առաջադրել, իսկ երկու երեսփոխաններ` Միշել Մըր եւ Թալալ Արսլան, ներկայ չգտնուեցան խորհրդակցութիւններուն:

Միւս կողմէ, հակառակ Պաապտայէն իր բացակայութեան, երեսփոխան Ատնան Թրապուլսի առաջադրած էր Սաատ Հարիրիի թեկնածութիւնը:

Շուրջ 5 ժամ տեւած խորհրդակցութիւններէն ետք նախագահ Աուն խորհրդակցեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, եւ Սաատ Հարիրին պաշտօնապէս հրաւիրուեցաւ Պաապտա` ստանձնելու համար նոր կառավարութեան կազմութեան պարտականութիւնը:

Նախագահական պալատ ժամանած Հարիրի հանդիպում ունեցաւ նախագահ Աունի եւ Պըրրիի հետ:

Հանդիպումէն ետք Պըրրի ըսաւ. «Յոռետեսութիւնը մեր բոլորին վրայ վատ ազդեցութիւն կը ձգէ, սակայն կը հաստատեմ, որ նախագահ Աունի ու Հարիրիի, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ լաւատեսական մթնոլորտ կը տիրէ»:

Ան յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը նախատեսուածէն շատ աւելի արագ պիտի կատարուի:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2020, 06:10