Հերիխ Մխիթարեան Հերիխ Մխիթարեան 

Հերիխ Մխիթարեանի բաց նամակը՝ Փութինի, Թրամփի եւ Մաքրոնի

Իտալական Ա. Էս. Ռոմայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յառաջապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեան, բաց նամակով դիմած է Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու՝ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներուն,

Իտալական Ա. Էս. Ռոմայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յառաջապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեան, բաց նամակով դիմած է Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու՝ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներուն, կոչ ընելով ճնշում բանեցնել Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի անմիջապէս դադրին Արցախի վրայ կատարուած զինուորական գործողութիւնները:

«Ես արհեստավարժ մարզիկ եմ եւ հպարտօրէն կը ներկայացնեմ իմ երկիրս՝ Հայաստանը միջազգային մակարդակով եւ այսօր ձեզի կը գրեմ շատ ծանր սրտով: Որովհետեւ աշխարհը ականատես է աննախադէպ եւ ողբերգական պատերազմի մը՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, թոյլ տուէք բարձրացնել իմ ձայնս եւ յայտնել իմ խոր մտահոգութիւնս, ըսելով՝ որ իմ հայրենիքս վտանգուած է:

«Որպէս Հայաստանի հանրապետութեան պատմական դաշնակիցներ եւ առաջին հերթին՝ «ԵԱՀԿ» Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներ, ձեր միջամտութիւնը շատ կարեւոր է, որպէսզի Ազրպէյճան դադրեցնէ այս կործանարար պատերազմը, որ կը խլէ մեր երիտասարդներուն կեանքերը», իր նամակին մէջ ըսաւ «UNICEF»-ի բարի կամքի դեսպանը՝ Մխիթարեան:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/10/2020, 07:40