2019.11.02 Il primo ministro Pashinian v 2019.11.02 Il primo ministro Pashinian v 

Փաշինեանին հետ հանդիպումին կաթողիկոսը զօրակցութիւն յայտնեց Հայաստանի եւ Արցախի կառավարութիւններուն

Հանդիպման ընթացքին կաթողիկոսը Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը յայտնեց Հայաստանի եւ Արցախի կառավարութիւններուն` Արցախի ժողովուրդին ազատ ու անկախ կեանքի իրաւունքի պաշտպանութեան արդար պայքարին մէջ:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում ունեցաւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ:

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ատրպէյճանաթրքական յարձակումներուն իբրեւ արդիւնք Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեամբ հակառակորդին գործողութիւններուն դէմ պայքարին միտուած քայլերը:

Հանդիպման ընթացքին կաթողիկոսը Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը յայտնեց Հայաստանի եւ Արցախի կառավարութիւններուն` Արցախի ժողովուրդին ազատ ու անկախ կեանքի իրաւունքի պաշտպանութեան արդար պայքարին մէջ:

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2020, 08:50