Հռոմի մէջ Ֆլէշմոպ  վասն Արցախի։ Հռոմի մէջ Ֆլէշմոպ վասն Արցախի։ 

Հռոմի մէջ Ֆլէշմոպ վասն Արցախի։

Երկու ժամ տեւած լռելեան ցոյցի ընթացքին երիտասարդները ցուցադրեցին զանազան պաստառներ որոնցմով մատնանշեցին Ազերիական եւ Թրքական բռնութիւնները ու հաստատեցին թէ Հայրերը խաղաղութիւն կը պահանջեն։
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 18 հոկտեմբեր 2020-ի յետմիջօրէի ժամը 3-ին Հռոմի Պանթէոնի հրապարակին վրայ հռոմաբնակ տասնեակ հայ երիտասարդներ կազմակերպած էին յատուկ ֆլէշմոպ ի զօրակցութիւն Արցախին։

Երկու ժամ տեւած լռելեան ցոյցի ընթացքին երիտասարդները ցուցադրեցին զանազան պաստառներ որոնցմով մատնանշեցին Ազերիական եւ Թրքական բռնութիւնները ու հաստատեցին թէ Հայրերը խաղաղութիւն կը պահանջեն։

Սոյն ձեռնարկը յաջորդեց անցեալ 13 հոկտեմբերին՝ Իտալիոյ հայ համայնքներու եւ ընկերակցութիւններու կողմէ  Իտալիոյ  Խորհրդարանի առջեւ կազմակերպուած խաղաղութեան եւ ազատութեան ի նպաստ ցոյցին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Խորհրդարանի բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ։ Անոնցմէ շատերը ապա խօսք առնելով դատապարտեցին Ազրպէյճանի նախայարձակումն ու գործադրած բռնութիւնները ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ միջամտութիւնն ու պատերազմ հրահրելու մեղսակցութիւնը,  զօրակցութիւն յայտնելով Արցախին, Հայաստանին եւ համայն Հայ ժողովուրդին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2020, 08:37