Ֆրանսահայերու ցոյցին ընթացքին թուրքեր յարձակեցան ցուցարարներուն վրայ Ֆրանսահայերու ցոյցին ընթացքին թուրքեր յարձակեցան ցուցարարներուն վրայ 

Ֆրանսահայերու ցոյցին ընթացքին թուրքեր յարձակեցան ցուցարարներուն վրայ

Լեւոն անունով երիտասարդ մը կորսնցուց գիտակցութիւնը եւ վիրաւորուեցան քանի մը ուրիշներ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Ֆրանսահայերը 28 Հոկտեմբերին երկկողմանի փակեցին դէպի Վալանս քաղաք տանող A7 մայրուղին: Այդ ընթացքին երեք թուրքեր յայտնուեցան այդ տարածքին մէջ եւ մուրճով ու դանակով յարձակեցան հայերուն վրայ: Լեւոն անունով երիտասարդ մը կորսնցուց  գիտակցութիւնը եւ վիրաւորուեցան քանի մը ուրիշներ:

Դէպքին վայրը հասան ոստիկանական ուժեր եւ շտապ օգնութեան ինքնաշարժ մը ու օգնութիւն ցոյց տուին վիրաւորներուն, ապա հիւանդանոց տեղափոխեցին անոնցմէ մէկը:

Ցուցարարները իրենց արարքով կը փափաքէին Ֆրանսայի ուշադրութիւնը գրաւել եւ կը պահանջել, որ համարժէք արձագանգ տայ Արցախի մէջ թուրք-ատրպէյճանական ահաբեկչական յարձակումին:

«Սահմանին մենք կը կորսնցնենք մեր 18-20 տարեկան երիտասարդները, այդ պատճառով մենք ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսի մեր ձայնը լսելի դառնայ: Եթէ հարկ ըլլայ՝ օդակայաններ կը փակենք, մեր ձայնը պիտի լսելի դարձնենք Ֆրանսային», ըսաւ ցուցարարներէն մէկը:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/10/2020, 07:34