ՌԴ նախագահը Վլատիմրի Փութին ՌԴ նախագահը Վլատիմրի Փութին 

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները Մոսկուա հրաւիրուած են

ՌԴ ԱԳ նախարարի միջնորդութեամբ, Հոկտեմբեր 9-ին Մոսկուա հրաւիրուած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարները»,-ըսուած է Քրեմլի հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կոչ ըրած է մարդասիրական նկատառումներով դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ ընթացող ռազմական գործողութիւնները: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ, ինչպէս կը հաղորդէ ՌԴ նախագահի պաշտօնական կայքը, այս թեմայով խորհրդակցութիւն ունենալու նպատակով Հոկտեմբեր 9-ին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարները հրաւիրուած են Մոսկուա:

Ունկնդրէ լուրը

«Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած շարք մը հեռախօսային զրոյցներէն ետք Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին դիմած է կոչով` դադարեցնել ռազմական գործողութիւնները, որոնք կ՛ընթանան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ` մարդասիրական նկատառումներով, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ փոխանակել գերիներն եւ զոհուածներու մարմինները․:

ՌԴ ԱԳ նախարարի միջնորդութեամբ այս թեմայով խորհրդակցութիւններ ունենալու համար Հոկտեմբեր 9-ին Մոսկուա հրաւիրուած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարները»,-ըսուած է Քրեմլի հաղորդագրութեան մէջ:

Քաղուած «Եռագոյն»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/10/2020, 13:01