ւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Մարիա Փեյչինովիչ Պուրիչը ւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Մարիա Փեյչինովիչ Պուրիչը 

Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարը կ՝ահազանգէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի մասին

«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուած բախումը կը սրուի՝ յանգեցնելով քաղաքացիական զոհերու թիւի աճին:

Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Մարիա Փեյչինովիչ Պուրիչը, Հոկտեմբեր 1-ին, յայտարարութիւն տարածած է՝ ահազանգելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամին մասին: 

Յայտարարութեան մէջ նշուած է.

Ունկնդրէ լուրը

«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուած բախումը կը սրուի՝ յանգեցնելով քաղաքացիական զոհերու թիւի աճին: Ես կը սգամ բազմաթիւ մարդոց, ներառեալ՝ խաղաղ բնակիչներու մահը, որոնք զոհ կը դառնան ռազմական գործողութիւններուն: Ոչ մէկ քաղաքական նկատառում կրնայ արդարացնել այդ կանանց, տղամարդոց եւ երեխաներու սարսափն ու տառապանքը: Ես կը խնդրեմ հակամարտութեան բոլոր կողմերուն անյապաղ դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները եւ անյապաղ իրականացնել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշած միջանկեալ քայլերը: Բանակցութիւններու սեղանի շուրջ պէտք է գտնել խաղաղ լուծում ` մարդասիրական ծանր ճգնաժամը կանխելու համար»:

Գլխաւոր քարտուղարը վերահաստատած է իր աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն:

Քաղուած «Եռագոյն»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/10/2020, 13:43