Խումբ մը խաղաղապհներու լուսանկար Խումբ մը խաղաղապհներու լուսանկար 

ՀԱՊԿը աշխուժօրէն կը քննարկէ Արցախի մէջ խաղաղապահներ հաստատելու հարցը

ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի հաստատումը։

Հաւաքական ապահովութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) մէջ աշխուժօրէն կը քննարկուի Արցախի մէջ խաղաղապահներ հաստատելու հարցը, կը հաղորդէ «Սփութնիք–Պելառուս»ը, մէջբերելով այդ մասին ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի հաստատումը:

«Այս շրջանին (Արցախի) մէջ խաղաղապահութեան հարցին վերաբերեալ աշխուժ քննարկում տեղի կ՛ունենայ», ըսած է ՀԱՊԿ–ի ընդհանուր քարտուղարը:

Նախապէս ՀԱՊԿի մամլոյ քարտուղար Վլատիմիր Զայնեթտինով յայտնած էր, որ ՀԱՊԿը Արցախի տագնապի գօտիին մէջ խաղաղապահ ուժեր տեղակայել կրնայ միայն ՀԱՊԿի որոշումին, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդէն համապատասխան լիազօրութիւն ստանալու եւ հակամարտող բոլոր կողմերու համաձայնութեան պարագային:

Քաղուած «Ասպարէզ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2020, 07:15