Ստեփանակերտի «Մօր ու Մանկան առողջութեան կեդրոն»-ը Ստեփանակերտի «Մօր ու Մանկան առողջութեան կեդրոն»-ը 

Խախտելով մարդասիրական բոլոր կանոնները` Ազրպէյճան ռմբակոծեց Ստեփանակերտի «Մօր ու Մանկան առողջութեան կեդրոն»-ը

Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը դիտել տուաւ, որ ազրպէյճանական զինուած ուժերը կը շարունակեն դիտաւորեալ պատերազմական յանցագործութիւնները քաղաքացիական խաղաղ բնակչութեան դէմ` արդէն թիրախաւորելով ընդհուպ «Մօր եւ մանկան առողջութեան կեդրոնը»:
Ունկնդրէ լուրը

Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կը շարունակէ բացայայտ եւ դիտաւորեալ կերպով պատերազմական յանցագործութիւններ իրականացնել` տարբեր զինատեսակներէ թիրախաւորելով Արցախի հիւանդանոցներն ու դպրոցները, բնակելի տուներն ու հանրային նշանակութեան այլ կառոյցներ` սպաննելով կամ մարմնական վնասուածքներ պատճառելով խաղաղ բնակչութեան:

Դիմատետրի իր էջին վրայ այս մասին գրեց Արցախի նախագահի մամլոյ բանբեր Վահրամ Պօղոսեան` դիտել տալով, որ աշխարհի հանրայայտ լրատուամիջոցներու ներկայութեամբ կը շարունակուի այս ամէնը, իսկ աշխարհը լուռ կը մնայ, լաւագոյն պարագային ափսոսանք յայտնելով մարդկային կորուստներուն համար:

«Իսկ ազրպէյճանական բնակավայրերու այն բնակչութեանը, որոնց տուներուն մօտ տեղակայուած են ռազմական կառոյցները, անգամ մը եւս կը յորդորենք հեռանալ, որպէսզի ազրպէյճանական իշխանութիւններու պատերազմական յանցագործութիւններու պատճառով եւ մեր պատասխան գործողութիւններուն հետեւանքով չդառնան կենդանի վահան», նշեց Պօղոսեան:

Ազրպէյճանական զինուած ուժերը 28 հոկտեմբերին աւելի քան 15 անգամ հարուածած են Ստեփանակերտի եւ Շուշիի տարբեր հատուածներ` դիտաւորեալ կերպով թիրախաւորելով «Մօր եւ մանկան առողջութեան կեդրոն»-ը եւ բնակելի ու հանրային նշանակութեան որոշ կառոյցներ:

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմին համաձայն, Շուշիի մէջ արձանագրուած է մէկ զոհ եւ երկու վիրաւորներ, քանդուած են տուներ եւ դպրոց, տուժածներ կան նաեւ Ստեփանակերտի մէջ, ուր առկայ է նաեւ մեծածաւալ աւերածութիւն, ներառեալ` «Մօր եւ մանկան առողջութեան կեդրոն»-ին մէջ:

Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը դիտել տուաւ, որ ազրպէյճանական զինուած ուժերը կը շարունակեն դիտաւորեալ պատերազմական յանցագործութիւնները քաղաքացիական խաղաղ բնակչութեան դէմ` արդէն թիրախաւորելով ընդհուպ «Մօր եւ մանկան առողջութեան կեդրոնը»:

«Այս նոր յանցագործութիւնները հետեւանքն են նախորդ յանցագործութիւններուն հանդէպ միջազգային հանրութեան թոյլտուութեան, որուն առիթը կ՛օգտագործէ ազրպէյճանական կողմը: Հետեւաբար, այս յանցագործութիւններուն համար պատասխանատուութիւն կը կրէ ինչպէս Ազրպէյճանը, այնպէս ալ միջազգային հանրութիւնը», շեշտեց ան:

Ծննդատան ռմբակոծման արձագանգեց Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան` ընդգծելով, որ Ազրպէյճանի կողմէ Ստեփանակերտի ծննդատան եւ բնակելի  թաղամասերուն ուղղութեամբ եղած հրթիռային հարուածները մարտահրաւէր են ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհին:

Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կոչ ուղղեց Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն` հաւատարիմ մնալու մարդասիրական հրադադարին վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն, հակառակ պարագային խոստանալով համարժէք պատասխանին երկար սպասել չտալ:

Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը ընդգծեց, որ Ազրպէյճանի կողմէ Ստեփանակերտի ծննդատան թիրախաւորումը պատերազմական յանցագործութիւն է, որ կը խախտէ մարդու` բժշկական օգնութիւն ստանալու իրաւունքը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ ազրպէյճանական կողմի գործողութիւնները յստակօրէն ցոյց կու տան, որ Արցախի մէջ Ազրպէյճանի թիրախը ժողովուրդն է: «Այս պատերազմական յանցագործութիւնը, որ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ սովորութային իրաւունքի կոպիտ խախտում է, յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ Արցախի մէջ Ազրպէյճանի թիրախը ժողովուրդն է` նորածիններ, մայրեր, տարեցներ: Արցախի մէջ կեանքը սպաննելու Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան փորձերը պիտի ձախողին, իսկ անոնց կազմակերպիչները պիտի ենթարկուին պատասխանատուութեան», նշեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան:

Քաղուած «Ազդակ»էն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/10/2020, 09:38