Արցախի մէջ կործանուած բնակարաններ Արցախի մէջ կործանուած բնակարաններ 

ՄԻԵԴ-ը բաւարարած է Թուրքիոյ նկատմամբ միջանկեալ միջոց կիրառելու վերաբերեալ Հայաստանի դիմումը

ՄԻԵԴ-ը կոչ կ՝ընէ ուղղակի կամ անուղղակի ներգրաւուած բոլոր երկիրներուն, ներառեալ՝ Թուրքիոյ, զերծ մնալու քաղաքացիական բնակչութեան՝ Համաձայնագիրով պաշտպանուող իրաւունքները խախտելէ»:

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը Թուրքիոյ նկատմամբ միջանկեալ միջոց կիրառելու վերաբերեալ ՀՀ կառավարութեան դիմումին հիման վրայ կայացուցած է զայն կիրառելու մասին որոշում:

ՄԻԵԴ-ի որոշման մէջ ըսուած է.

«Դատարանը կը վերահաստատէ միջանկեալ միջոց կիրառելու մասին Սեպտեմբեր 29-ի որոշումը եւ կոչ կ՝ընէ ուղղակի կամ անուղղակի ներգրաւուած բոլոր երկիրներուն, ներառեալ՝ Թուրքիոյ, զերծ մնալու քաղաքացիական բնակչութեան՝ Համաձայնագիրով պաշտպանուող իրաւունքները խախտելէ»:

Քաղուած «Եռագոյն»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/10/2020, 09:36