Ստեփանակերտի մէջ Ստեփանակերտի մէջ 

Ատրպէյճան ռմբակոծեց Ստեփանակերտի տարբեր հատուածներ՝ պատճառելով զոհեր

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի նկատմամբ սանձազերծուած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին հակառակորդը մեծ տրամաչափի զէնքերու թիրախ կը դարձնէ խաղաղ բնակչութիւնը։

2 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Ատրպէյճան 3 հրթիռներ արձակեց Ստեփանակերտի տարբեր հատուածներու ուղղութեամբ, որուն իբրեւ արդիւնք վնասներ ունեցան քաղաքացիներ, բնակելի շէնքեր եւ այլ կառոյցներ։ Այս տեղեկութիւնը փոխանցեց Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան՝ նշելով, որ կան առնուազն 4 վիրաւորներ եւ մէկ զոհ։

Ասիկա  օրուան ընթացքին Արցախի մայրաքաղաքին ուղղութեամբ եղած երկրորդ հարուածն է:

Արցախի պետական նախարար, շտապի պետ Գրիգորի Մարտիրոսեան դիտել տուաւ, որ Արցախը ունի ամբողջ բնակչութիւնը թաքստոցներով ապահովելու կարելիութիւն, անհրաժեշտութեան պարագային՝ դիմելով այլ միջոցներու։  «Այդ գործընթացը, օրինակ Ստեփանակերտում, համակարգւում է քաղաքապետարանի կողմից արագ արձագանգման օպերատիվ շտաբի շրջանակներում, նաեւ թաքստոցներին մնացող բնակիչներին տարբեր խնդիրների առաջացման դէպքում ցուցաբերւում է համապատասխան աջակցութիւն», ըսաւ ան։

Անդրադառնալով Ստեփանակերտի վրայ եղած ռմբակոծումներուն՝ ան դիտել տուաւ, որ Ստեփանակերտէն բնակչութիւնը չէ տարհանուած, տարհանուած են բնակիչները  կարգ մը գիւղերու, որոնք կը գտնուին սահմանի երկայնքով եւ սահմանէն միայն քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: «Ստեփանակերտ քաղաքը չի տարհանւում եւ այդպիսի որոշում կ՛ընդունուի միայն հիմնաւոր հանգամանքների բերումով», ընդգծեց Մարտիրոսեան:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի նկատմամբ սանձազերծուած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին հակառակորդը մեծ տրամաչափի զէնքերու թիրախ կը դարձնէ խաղաղ բնակչութիւնը։

Ըստ անոր՝ 2 Հոկտեմբերին հեռահար հրթիռային միջոցներով երկու անգամ հարուածուած է Հադրութ քաղաքը, երկու անգամ՝ Ստեփանակերտը, որոնց իբրեւ արդիւնք տուժած են խաղաղ բնակիչներ, շինութիւններ, քաղաքացիական պաշտպանութեան կառոյցներ, ենթակառուցուածքներ: Թիրախ կը դառնան նաեւ մեծ ու փոքր բնակավայրերը, ենթակառուցուածքները։ Հայկական կողմը ոչնչացուցած է Ատրպէյճանի 540 զինուորականներ,  պատճառած է առաւել քան 700 վիրաւորներ: Հակառակորդը ունի նաեւ 45 զրահամեքենաներու, 6 ինքնաթիռներու, որոնց մեծ մասը օդին մէջ չեն խոցուած, 3 ուղղաթիռներու եւ 6 անօդաչու թռչող սարքերու կորուստ։

Ան դիտել տուաւ, որ 1-2 Հոկտեմբեր լուսցող գիշերը  արցախեան-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին մէջ իրադրութիւնը եղած է յարաբերական կայուն-լարուած, առանձին ուղղութիւններու մէջ շարունակուած են փոխհրաձգութիւնները հրետանային ու հրաձգային զինատեսակներէ: Մարտավարական իրադրութեան մէջ էական փոփոխութիւններ չեն արձանագուած:
Արցախի պաշտպանութեան բանակի փոխհրամանատար Արթուր Սարգսեան նշեց, որ սահմանային գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք հայկական կողմէ զոհուած են յաւելեան 54 զինուորական ծառայողներ:

Ըստ անոր՝ հակամարտութեան գօտիին մէջ խոցուած սպային մօտ յայտնաբերուած է իսրայէլական արտադրութեան «Թատիրան» մակնիշի ռատիօկայան, որուն վերծանման իբրեւ արդիւնք պարզ դարձած է, որ խմբաւորումները կը ղեկավարուին հիմնականին մէջ արաբերէնով։

Նշուեցաւ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տիրող ռազմական դրութեան պայմաններէն մեկնելով եւ անվտանգութեան նկատառումներով՝ սահմանային որոշ սահմանափակումներ եւ կարգաւորումներ կատարեց։

Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի նախագահ Արմէն Մուրատեան յայտնեց, որ աշխարհի բոլոր բժիշկները պարտաւոր են իրենց վրդովմունքի եւ բողոքի ձայնը բարձրացնել հակառակորդին կողմէ համաճարակի պայմաններուն մէջ պատերազմ հրահրելուն եւ նկատմամբ՝ կոչ ուղղելով կասեցնել մարտերը։

«Այն զէնքերը, որոնք կիրառում են եւ այն վնասուածքները, որոնք տեսնում ենք ուղղակի բոլոր մարդասիրական, համամարդկային արժէքներից դուրս են՝ հաշուի առնելով նրանց բնոյթը, հաշուի առնելով նրանց վտանգաւոր էութիւնը: Այսպիսով կարող ենք ասել, որ այդ զէնքերի կիրառումը անմարդկային բնոյթ է կրում: Առաւել եւս մի պահի, որ մենք բոլորս աշխարհում փաստացի համախմբուած ենք այլ արհաւիրքի՝ կորոնավիրուսի դէմ պայքարում», ըսաւ Մուրատեան:

Քաղուած «Ասպարէզ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/10/2020, 08:55