Արցախցի Երեխաները հիւրընկալուած են Նախագահական նստավայրին մէջ Արցախցի Երեխաները հիւրընկալուած են Նախագահական նստավայրին մէջ 

Արցախցի Երեխաները հիւրընկալուած են Նախագահական նստավայրին մէջ

«Այս օրերուն շատ կարեւոր է արցախցի երեխաներուն հոգեբանական թիկունք ըլլալ, քանի որ երեխաները հասարակութեան ամենախոցելի մասն են, անոնց յուշերուն մէջ դեռ շատ պիտի մնայ այն մղձաւանջը, որ ապրեցան: Կը կարծեմ` պէտք է հնարաւորը ընենք այս երեխաներուն համար»։
Ունկնդրէ լուրը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ հիւրընկալուած են արցախցի խումբ մը երեխաներ, որոնք Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմին հետեւանքով ժամանակաւորապէս ապաստանած են Հայաստան, կը յայտնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմը, Երեւանի Յակոբ Պարոնեանի անուան պետական թատրոնի հետ համագործակցութեամբ, արցախցի պզտիկներուն համար ժամանցային ձեռնարկ կազմակերպած է: Թատրոնի դերասաններու մասնակցութեամբ նախագահական նստավայրին մէջ բեմադրուած է մանկական գեղեցիկ ներկայացումներէն մէկը` «Բրեմենեան երաժիշտները»:

 «Այս օրերուն շատ կարեւոր է արցախցի երեխաներուն հոգեբանական թիկունք ըլլալ, քանի որ երեխաները հասարակութեան ամենախոցելի մասն են, անոնց յուշերուն մէջ դեռ շատ պիտի մնայ այն մղձաւանջը, որ ապրեցան: Կը կարծեմ` պէտք է հնարաւորը ընենք այս երեխաներուն համար»,- նշած է Յակոբ Պարոնեանի անուան թատրոնի գլխաւոր բեմադրիչ Յակոբ Ղազանչեան՝ ընդգծելով, որ նմանօրինակ ձեռնարկները շարունակական պիտի ըլլան եւ աւելցուցած, որ Հայաստանի բոլոր թատրոններուն դռները բաց պիտի ըլլան արցախցի երեխաներուն առջեւ:

Ան տեղեկացուցած է, որ դեռ ամրան, նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ թատրոններու ղեկավարներուն հետ հանդիպման ժամանակ, նախագահ Սարգսեան առաջարկած էր ներկայացումներ կազմակերպել նախագահական նստավայրի տարածքին մէջ` հաշուի առնելով «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով թատրոններու եւ մշակոյթի միւս կեդրոններու գործունէութեան սահմանափակումները: «Երբ նախագահը առաջարկ ըրաւ, դեռ պատերազմ չկար, խաղաղ էր: Պատերազմական այս օրերուն որոշեցինք Արցախի մեր փոքրիկներուն համար նախագահական նստավայրին մէջ ներկայացումը բեմադրել»,-ըսած է  Ղազանչեան: Ան յոյս յայտնած է, որ իրենց դերասանները յաջողած են դրական տպաւորութիւններ փոխանցել փոքրիկ հանդիսատեսներուն:

Ներկայացումէն ետք երեխաներուն նաեւ նուէրներ փոխանցուած է Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմին կողմէ:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/10/2020, 15:37